2016-10-22 11:00:00

Ողորմութեան շաբաթ օր, Ֆրանչիսկոս Պապի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 22 հոկտեմբերին՝ առաւօտուն, Ողորմութեան Սուրբ տարուան ծիրէն ներս, շաբաթ յոբելենական ողորմութեան օրուայ  առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ  հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն կատարեց ներկայութեամբ իտալացի եւ օտարերկրեայ հազարաւոր ուխտաւորներուն, որուն սկիզբը  կարդացուեցաւ  Յովհաննէս Աւետարանիչի հետեւեալ հատուածը ։

՝՝Այնտեղ կը գտնուի Յակոբի աղբիւրը։ Յիսուս ճամբորդութենէն յոգնած, նստած էր աղբիւրին վերեւ. մօտաւորապէս վեցերորդ ժամն էր։ Սամարացի կին մը եկաւ ջուր քաշելու. Յիսուս ըսաւ անոր. ''Ջուր տուրի ինծի։'' Աշակերտները քաղաք գացած էին կերակուր գնելու։  Սամարացի կինը ըսաւ իրեն. ''Դուն որ Հրեայ ես. ջո՞ւր կը խնդրեց ինձմէ որ Սամարացի եմ։'' Յիսուս պատասխանեց. ''Եթէ գիտնայիր Աստուծոյ պարգեւը եւ ով ան որ քեզի կ՝ըսէ՝ ջուր տուր ինծի, դուն անկէ կը խնդրէիր եւ կու տար քեզի կենդանի ջուրը։՝՝ ՝՝Տէր,  պատասխանեց կինը. դուն դոյլ իսկ չունիս եւ ջրհորը խորունկ է, ուրկէ՞ պիտի առնես այս կենդանի ջուրը։ Դուն աւելի մե՞ծ մէկն ես քան մեր Հայրը Յակոբ, որ այս ջրհորը տուաւ մեզի, ինք խմեց ասկէ ինչպէս նաեւ  իր զաւակները եւ հօտերը։՝՝ Յիսուս պատասխանեց. '' Ով որ այս ջուրէն խմէ՝ դարձեալ պիտի ծարաւնայ, բայց ով որ խմէ ջուրէն զոր ես պիտի տամ, երբեք պիտի չծարաւնայ։ Ջուրը զոր ես պիտի տամ, պիտի ըլլայ աղբիւր ցայտող ջուրի՝ յաւիտենական կեանքի համար։՝՝ Կինը պատասխանեց. ՝՝Տէր, տուր ինծի այդ ջուրը, որպէս զի ալ չծարաւնամ եւ չգամ այստեղ ջուր քաշելու՝՝ ։  (Յովհաննէս  4. 10-15) ։

Յիշեալ աւետարանի զանազան լեզուներով ընթերցումէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ իր կատարած  խորհրդածութեան մէջ ըսաւ ,

՝՝Յովհաննու Աւետարանին այն հատուածը, որ լսեցինք, կը պատմէ Յիսուսի եւ Սամարացի Կնոջ հանդիպման դրուագը ։Այս հանդիպումը սերտ երկխօսութիւն մըն է Յիսուսի եւ կնոջ միջեւ։ Այս պատմուածքը մեզի թոյլ կու տայ, որ ընդգծենք ողորմածութեան մէկ շատ կարեւոր երեւոյթը՝ երկխօսութիւնը։

Երկխօսութիւնը թոյլ կու տայ, որ անհատներ իրար ճանչնան եւ հասկնան իրարու կարիքները։ Առաւել եւս, ան մեծ յարգանքի մը նշանն է, որովհետեւ անհատը կը դնէ ունկնդրողի դիրքի մէջ, ուր դուրս կը բերուի խօսակիցի լաւագոյն կողմը։ Եւ Երկխօսութիւնը սիրոյ արտայայտութիւնն է, որովհետեւ առանց տարբերութիւնները անտեսելու, կրնայ օգնել փնտռելու եւ բաժնեկցելու հասարակաց բարիքը։ Երկխօսութիւնը կը հրաւիրէ մեզ՝ կանգնիլ խօսակիցին դիմաց՝ դիտելով զայն իբր Աստուծոյ պարգեւը, որ մեզմէ կը պահանջէ ճանչցուիլ։
Շատ անգամ մենք չենք ուզեր հանդիպիլ եղբայրներու, հակառակ որ անոնց կողքը կʼապրինք, մանաւանդ թէ երբ մեր դիրքը  նախադաս կը նկատենք։ Չենք խօսակցիր եւ չենք ունկնդրեր բաւարար չափով եւ կամ կը միտինք միջամտել ուրիշը, ցոյց տալու համար որ իրաւունքի մէջ ենք։ Իսկական երկխօսութիւնը, սակայն, կը պարտադրէ լռութեան պահեր, ուր կ՝ընդունինք Աստուծոյ ներկայութեան բացառիկ պարգեւը՝ եղբօր մէջ։
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, երկխօսութիւն վարելը կ՝օգնէ անհատներու յարաբերութիւններուն տալու մարդկային դիմագիծ եւ գերազանցելու անհասկացողութիւնները։ Երկխօսութեան յոյժ կարիք կայ մեր ընտանիքներուն մէջ։ Որքա՛ն աւելի դիւրաւ պիտի լուծուէին հարցերը, եթէ սորվէինք իրարու մտիկ ընել։ Որքա՛ն օգնութիւն պիտի քաղէինք ուսուցիչի եւ աշակերտներու, կամ գործավարներու եւ բանուորներու միջեւ կայացած երկխօսութենէն։
Եկեղեցին կʼապրի՝ մարդկանց հետ ունեցած իր երկխօսութեամբ, հասկնալու համար կարիքները, որոնք իւրաքանչիւր անհատի սրտին խորքը կը գտնուին, եւ նպաստելու համար հասարակաց բարիքի իրականացման։ Մտածենք արարչութեան մեծ պարգեւին մասին, եւ այն պատասխանատուութեան մասին՝ թէ բոլորս պէտք է պահպանենք մեր հասարակաց տունը։ Այսպիսի կենդրոնական նիւթի մը շուրջ կատարուած երկխօսութիւնը անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն մըն է։ Մտածենք կրօնքներու միջեւ կատարուած երկխօսութեան մասին, կարենալ յայտնաբերելու համար անոնց՝ մարդոց մատուցած առաքելութեան խոր ճշմարտութիւնը, եւ նպաստելու համար խաղաղութեան, յարգանքի ու եղբայրութեան կերտումին։
Երկխօսութեան բոլոր կերպերը՝ արտայայտութիւններ են մեր՝ Աստուծոյ մեծ սիրոյն պահանջքին, որ բոլորիս կ՝ընդառաջէ եւ իւրաքանչիւրին մէջ կը դնէ բարութեան սերմը, որպէսզի կարենանք համագործակցիլ Իր արարչագործ աշխատանքին։ Երկխօսութիւնը կը խորտակէ բաժանումի եւ անհասկացողութեան պատնէշները. կը ստեղծէ հաղորդակցութեան կամուրջներ, եւ չ՝ընդունիր որ որեւէ մէկը կղզիանայ, փակուելով իր փոքր աշխարհին մէջ։
Յիսուս լաւ կը ճանչնար այն, ինչ որ սամարացի կնոջ սրտին մէջ էր։ Սակայն չմերժեց զայն։ Այս ուսուցումը նաեւ մեզի համար կ՝արժէ։ Երկխօսութեան միջոցաւ, կրնանք աճեցնել Աստուծոյ ողորմածութեան նշանները, եւ զանոնք վերածել ընկալումի եւ յարգանքի գործիքի։








All the contents on this site are copyrighted ©.