2016-10-22 10:56:00

Հոգեւոր երաժշտութեան նուիրուած եռօրեայ յոբելեանին առիթով Գերապայծառ Կուիտօ Մարինիի խօսքը


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 21 հոկտեմբերին, Սրբազան Պապի Արարողապետ՝ Գերապայծառ Կուիտօ Մարինի, խօսք առած է երգչախումբերու եռօրեայ յոբելեանին առիթով, ուր հաւաքուած էին բազմահարիւր երաժիշտներ՝ երգիչ, երգեհոնահար կամ երգահան, ինչպէս նաեւ իտալական թեմերու ծիսական բաժանմունքի պատասխանատուներ եւ հոգեւոր երաժշտութեան դպրոցներու ներկայացուցիչներ։
Գերապայծառ Մարինիի զեկոյցի նիւթը եղած է՝ «Երգչախումբի դերը ծիսակատարութեան մէջ»։ Ան ուրուագծած է ծիսակատարութեան հինգ հիմնական տարրեր, եւ երգչախումբերու օժանդակ դերը իւրաքանչիւր տարրի մէջ։
Ծէսը Քրիստոսի արարքն է, ըսած է Գերապայծառ Մարինի, եւ ան պէտք է արտայայտէ Փրկչին կենդանի ներկայութիւնը։ Հետեւաբար երգչախումբի անդամները պէտք է ըլլան անհատներ, որոնք Քրիստոսի ներկայութիւնը կը կրեն իրենց սրտին մէջ։
Մինչ մեծ ուշադրութիւն կը դարձուի ծիսական երաժշտութեան կատարողութեան արուեստական եւ թեքնիք մասին, պէտք է նաեւ հոգ տարուի կատարողներու սրտերուն, որպէսզի անոնք ըլլան հաւատքի մարդիկ եւ կիներ, որոնք զգան «Քրիստոսի տոչորող սէրը», եւ իրենց կեանքին իմաստը գտնեն Անոր մէջ։
Ծէսը պէտք է նաեւ յիշեցնէ Եկեղեցւոյ տիեզերականութիւնը, ուր գոյութիւն ունի բազմազանութեան ներդաշնակ միութիւն մը եւ շարունակութիւն հինի եւ նորի միջեւ։ Այս առումով՝ երգչախումբը  հաւատացեալներէն անջատ մարմին մը չէ, այլ մաս կը կազմէ հաւատացեալներու հասարակութեան։
Գերապայծառ Մարինի յիշած է, թէ Ֆրանչիսկոս Պապ պնդած է, թէ քահանայապետական պատարագներու ժամանակ, երաժշտութիւնը պէտք չէ աւելի երկար ըլլայ քան արարողակարգը, պարտադրելով՝ որ քահանան եւ ժողովուրդը երկար սպասեն երգերու աւարտին, կարենալ շարունակելու համար պատարագը։ Երգերը կը ներգրաւուին ծէսի մէջ, կը ծառայեն ծիսակատարութեան. անոնք ինքնանպատակ չեն։
Ասոր համար Քահանայապետի Արարողապետը խնդրած է երգչախումբերէն, որ օգնեն ծիսակատարութեան, որ ան ծառայէ իր նպատակին՝ հաւաքելով բոլորը ի միասին՝ համակերպելու Աստուծոյ եւ Անոր կամքին։
Գերապայծառ Մարինի, նկատած է, թէ Սուրբ Պատարագը կը գերազանցէ զանազանութիւնները, յիշելով Պօղոս Առաքեալի խօսքը՝ թէ «այլեւս ես չէ որ կʼապրիմ, այլ Քրիստոս կʼապրի իմ մէջս»։ Երգչախումբը պէտք է օգնէ բոլոր հաւատացեալներուն՝ որ անոնք ըլլան գործունեայ մասնակիցներ երգերու կատարումի ժամանակ, շարժելով մարդկանց յուզումնային եւ հոգեւոր զգացումները։
Երգչախումբերը պէտք է օգնեն արարողութեան, հրաւիրելով ամբողջ արարչութիւնը՝ բարձրացնելու համար ակնարկը դէպի բարձրեալն Աստուած։ Մարդիկ պէտք է վերացած զգան եւ դուրս բերուած աշխարհայինէն, սովորականէն եւ առօրեայէն – ոչ փախուստ տալով անոնցմէ, այլ Սուրբ Պատարագէն վերջ վերադառնալով անոնց՝ նորոգուած վիճակով։
Եթէ երգը «յաւիտենականութեան տանող կամուրջ մը չէ», ուրեմն չէ կրցած կատարել իր գործը։
Վերջապէս՝ ըսած է Գերապայծառ Մարինի, երգչախումբերը պէտք է ըլլան առաքեալներ՝ Եկեղեցւոյ եւ ծէսի նման, ունենալով քաշողականութիւն՝ որ կը կատարուի՝ յայտնելով Աստուծոյ գեղեցկութիւնը, հրաշքը եւ անսահման ողորմածութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.