2016-10-21 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ՝՝Յովհաննէս Պօղոս Բ՝՝ անուան հիմնարկի անդամները


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 21 հոկտեմբերին՝ առաւօտեան, Վատիկանի Քոնչիսթորօ անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ընդունեց ՝՝Յովհաննէս Պօղոս Բ՝՝ հիմնարկի աւելի քան 250 անդամները։ Այս առթիւ անոնց ուղղած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը  անդրադարձաւ հիմնարկի կէտնպատակին,  որ է ձեռնարկել դաստիարակչական, մշակութային, կրօնային ծրագիրներ՝ որպէս ներշնչման աղբիւր ունենալով  Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի դիմագիծը, որուն ծիսական յիշատակը պիտի նշուի շաբաթ, 22 հոկտեմբերին։  

Ան քաջալերեց հիմնարկի անդամները շարունակելու իրենց զարգացման եւ աջակցութեան գործունէութեան մէջ ի սպաս երիտասարդ սերունդներուն, որպէսզի անոնք  կարենան դիմագրաւել կեանքի մարտահրաւէրները,  միշտ ոգեւորուած աւետարանի եւ հաւատքի հոգիէն։

՝՝Երիտասարդներէն երբեք թող չի կողոպտուի վաղուան յոյսը՝՝ շեշտեց Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ Ողորմութեան Սուրբ Տարոան  ըսելով.

՝՝Յոբելենական տարին մեզ մղեց խոկալու Աստուածային ողորմութեան անհունութեան մասին, ժամանակամիջոցի մը  մէջ, ուր մարդ էակը յառաջդիմութիւններու՝ գիտական, թեքնիքական, զանազան պատճառներուն բերումով կը ձգտի  ինքզինք ինքնաբաւ զգալու, կարծես թէ  ան ազատագրուած զգար ամէն բարձրագոյն իշխանութիւններէն, եւ  հաւատալով , թէ ամէն բան իրմէ կախեալ է։  Ընդհակառակը՝ որպէս քրիստոնեաներ, գիտակից ենք թէ ամէն ինչ Աստուծոյ պարգեւն է եւ իսկական հարստութիւնը արծաթը չէ, որ մեզ ստրուկի կը վերածէ, այլ՝ Աստուծոյ սէրը՝ որ մեզ կ՝ազատագրէ՝՝։

Ֆրանչիսկսո Պապ յիշեց Լեհաստան կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը, ուր ապրեցաւ  հաւատքի ուրախութիւնը՝ երիտասարդներու համաշխարհային օրուան ընթացքին։

Մէջբերեց Լեհաստան երկրի երկու սուրբ զաւակներէն ՝սրբուհի Ֆաուսթինա Քովալսքայի եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի խօսքերէն օրինակներ, մաղթանք յայտնեց,  որ յիշեալ երկու սուրբերուն, լուսաւոր վկաներուն խօսքերն ու կեանքի տիպարը յաւերժ ներշնչումի աղբիւր հանդիսանայ  Յովհաննէս Պօղոս Բ հիմնարկի վեհանձն գործունէութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամէն՝ Ողորմութեան Մայրէն,  որ միշտ պաշտպան կանգնի եւ ընկերանայ  հիմնարկի զաւակներուն ու ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրելով անոնցմէ, որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.