2016-10-21 09:48:00

Յունաստանի համալսարանին մէջ հայագիտական կեդրոն պիտի բացուի


Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան 18 Հոկտեմբերին ընդունած է Հայաստանի մէջ Յունաստանի դեսպան Նաֆսիքա Նենսի Էւա Վրայլան: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։

Շնորհաւորելով նորանշանակ դեսպանը՝ Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւն սկսելուն առիթով, նախարար Լեւոն Մկրտչեան համոզում յայտնած է այն մասին, որ «կրթութեան բնագաւառին մէջ Յունաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները զարգացման նոր մակարդակ պիտի արձանագրեն», եւ այդ պարունակին մէջ կարեւոր նկատուած է համագործակցութեան զարգացման ու խորացման վերաբերող գործնական քայլեր իրականացնելը:

Շնորհակալութիւն յայտնելով առկայ համագործակցութեան համար՝ դեսպան Էւա Վրայլա կարեւոր նկատած է երկու բարեկամ պետութիւններու յարաբերութիւններու աշխոյժ զարգացման առումով կրթութեան դերը:

Հանդիպման հիմնական առանցքը եղած է Հայաստանի եւ Յունաստանի կառավարութիւններուն միջեւ 2016–2020-ին կրթութեան եւ հետազօտութիւններու բնագաւառին մէջ համագործակցութեան մասին ծրագիրը, որուն վերաբերեալ փաստաթուղթը ստորագրուած է այս տարուան Մարտին, Յունաստանի մէջ: Համաձայն ծրագիրին՝ կրթական միացեալ ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով կը նախատեսուի աշխուժացնել բարձրագոյն եւ հետազօտական հաստատութիւններուն միջեւ հետագայ համագործակցութիւնը, իրականացնել կրթաթոշակներու փոխանակում:

Հայաստանի մէջ յունարէնի եւ մշակոյթի, իսկ Յունաստանի մէջ հայոց լեզուի եւ մշակոյթի տարածման ու զարգացման նպատակով կը նախատեսուի համալսարաններուն մէջ հիմնադրել համապատասխանաբար՝ յունագիտական եւ հայագիտական կեդրոններ: Կողմերուն հաստատումով՝ ծրագիրի իրականացումը նոր թափ պիտի հաղորդէ կրթութեան ոլորտին մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան ամրապնդման եւ զարգացմանը: Միաժամանակ, պատրաստակամութիւն յայտնուած է ձեռնարկելու անհրաժեշտ քայլեր՝ Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ նշուած փաստաթուղթի վաւերացումը շուտով ապահովելու համար:

Քաղուած Եռագոյնէն








All the contents on this site are copyrighted ©.