2016-10-21 09:43:00

Ընկերային Գիտութիւններու Քահանայապետական Ակադեմիայի երկօրեայ աշխատանքային հանդիպում


(Ռատիօ Վատիկան) Ընկերային Գիտութիւններու Քահանայապետական Ակադեմիան, Վատիկանի  մէջ կազմակերպած է երկօրեայ աշխատանքային հանդիպում մը, հետախուզելու ճամբաներ եւ միջոցներ՝ օգնելու ընկերութեան ծայրամասերու վրայ գտնուող մարդկանց, ճանչնալով անոնց արժանապատուութիւնը եւ վերածելու զանոնք հասարակաց բարիքի հետապնդման հարազատ գործակիցներու։ Նպատակն է՝ կերտել համընդգրկուն զօրակցութիւն մը, հակառակ հարցի բարդ կառոյցին եւ ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն։
Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ  28-29 Հոկտեմբերին։  Աշխատանքի ծրագրին մէջ նախ կը ներկայացուի ներկայի իրավիճակը, նկատի առնելով, որ վերջին տասնամեակներուն աւելցած է այն անհատներու թիւը, որոնք «աւելորդ» կը նկատուին ընկերութեան մէջ եւ կը մեկուսացուին կամ կը մերժուին հասարակութեան կեանքէն։ Հիմնուած վերջին երեք քահանայապետներու ընկերային ուսուցման վրայ, կը ներկայացուին գործելակերպի առաջարկներ։ Կազմակերպիչներուն համար յստակ է, թէ պէտք է «խորտակել աղքատութեան շղթան», այն խոչընդոտները, որոնք ունին քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային պատճառներ։ Ծրագրին մէջ կը ներկայացուին տոկոսային տուեալներ, ըստ որոնց մարդկութեան 20 տոկոսը կʼապրի աղքատութեան մէջ եւ 40 տոկոսը ունի միայն նուազագոյն եկամուտ։ Մինչեւ իսկ Եւրոպայի մէջ 120 միլիոն մարդ կը գտնուին մերժուածութեան վիճակին մէջ։
Յիշեալ հանդիպումը մանրամասնօրէն կը քննարկէ աղքատութեան եւ մերժուածութեան աղէտներու պատճառները։ Այս աշխատանքը կը կատարուի որոշ հարցադրումներով՝ թէ բարելաւման ի՛նչ առաջարկներ կարելի է ներկայացնել եւ ի՛նչ գործնական քայլեր պէտք է առնուին։ Այս բոլորին մէջ նկատի կʼառնուի ամէն տեսակի բազմազանութիւն, որովհետեւ չէ կարելի միօրինակ լուծում տալ բոլոր հարցերուն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.