2016-10-21 09:24:00

Արհ Հայր Գէորգ ԵպիսկոպոսԱսատուրեանի ուղերձը Արթիւր Նիկոլեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսի առիթով։


(Ռատիօ Վատիկան) Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Կաթողիկէ Հայոց Պէյրութի Պատրիարքաիան թեմի Օգնական Եպիսկոպոս Արհիապատիւ Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի

Հինգշաբթի, 20 հոկտեմբերին երեկոյեան ժամը 7,00ին, Պէյրութի համազգայինի Լուսի Թիւթիւնճեան սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ տաղանդաւոր նկարիչ Արթիւր Նիկոլեանին լուսանկարներու ցուցահանդէսին, որ պիտի տեւէ մինչեւ 5 նոյեմբեր 2016։

Սրբազան Հայրը բարձր արժէքաւորելով Արթիւր Նիկոլեանի ստեղծագործութիւնները,   ցուցահանդէսի բացման արարողութեան առիթով ներկաներուն  յղեց սրբաբուխ ուղերձ մը, որուն մէջ ըսաւ.

՝՝Մշակոյթին մեծագոյն նպատակն է ճանչնալ աշխարհիս կատարելութիւնը եւ զայն տարածել։

Սիրելի եւ յարգելի ներկաներ,

 Նկարչական արուեստի  մասնագէտ մը չեմ, բայց կը զգամ գեղեցիկը եւ կը գնահատեմ գեղեցկութիւնը։

Համազգայինի ազնիւ հրաւէրով եկած ենք դիտելու եւ ըմբոշխնելու այդ գեղեցիկն ու գեղեցկութիւնը  արտայայտող  լիբանանահայ  ինչպէս կը տեսնուի տաղանդաւոր նկարիչ Արթիւր Նիկոլեանին ստեղծագործութիւնները, որոնք՝ ինչպէս հարազատ ու վաւերական ամէն ստեղծագործութիւն,  հոգեկան խոր ապրումներու եւ զգացումներու արտայայտութիւններ են, հետեւաբար հոգեկան վայելք պարգեւող գործեր։ Պէտք է գնահատել ու շնորհակալ ըլլալ  գիտնանք Արթիւր Նիկոլեանին նման արուեստագէտներուն, որոնք  Հայու անունը արուեստի նախանձելի մակարդակներու  բարձրացնելով,  մեր պարծանքին առարկան են։

Ֆրանսացի միաժամանակ քաղաքագէտ եւ արուեստագէտ մը, զոր բախտը ունեցած եմ ճանչնալու, ինծի կ’ըսէր թէ ձեզ, (այսինքն հայերը) շատ կը սիրեմ ու կը յարգեմ որովհետեւ բարձր մշակոյթի աշակերտ եւ ուսուցիչ էք միաժամանակ,  բարի համբաւի տէր էք, որովհետեւ կառչած էք մշակոյթին, որ քաղաքակրթական խոր արմատներ ունի։

Այո, սիրելիներ,  ուր որ ալ գտնուած է Հայը սիրուած ու յարգուած է շնորհիւ մանաւանդ իր մշակոյթին եւ այս մշակոյթը արտայայտող արուեստի ստեղծագործութիւններուն։  Ահա թէ ինչու, ինչպէս նկարիչը, նաեւ արուեստի այլ մարզերու ներկայացուցիչը  հայկական մշակոյթի առաքեալ է։ Ան միաժամանակ ազնուագոյն ճաշակի մշակն է։

Հոգիին խիղճը կը կայանայ ճաշակին մէջ։  Մենք այսօր եկած ենք  ոչ միայն հիանալու այն գեղեցիկին համար զոր մեզի կը մատուցանէ Արթիւրը, այլ թափանցելու անոր հոգիէն ներս, որուն մէջ կը գտնենք գեղեցկութիւն, հայրենասիրութիւն եւ պարծանք ազգային ինքնութեամբ։ Զգացումներ որոնցմով   կը վարակուի հարազատ արուեստի սիրահարը։

Լիբանանահայ սիրահարներու այս դասակարգը վստահ եմ կը գնահատէ Համազգայինի գործունէութիւնը, որուն մէկ օրինակն է այսօրուան այս գեղեցիկ ցուցահանդէսը։

Յարատեւութիւն ու կորով կը մաղթենք թէ՛ Արթիւրին եւ թէ՛ Համազգայինին։՝՝

 








All the contents on this site are copyrighted ©.