2016-10-21 09:13:00

1915-ին նահատակուած եօթը հազար Հայ գնչուներու պատմական ուսումնասիրութիւն


(Ռատիօ Վատիկան) Հայր Ռենաթօ Ռոսսոյի՝ գնչուներու եւ թափառաշրջիկներու մատուցած հովուական առաքելութիւնը կը տարածուի Իտալիա, Պրազիլ, Պանկլատեշ եւ Հնդկաստան։ Իտալացի քահանան վերջերս այցելած է նաեւ Հայաստան ուր կատարած է ուսումնասիրութիւն մը շուրջ եօթ հազար հայ քրիստոնեայ գնչուներու, որոնք տեղահանման եւ սպանդի ենթարկուած են 1915ի ցեղասպանութեան ժամանակ։ Չորեքշաբթի, 19 հոկտեմբերին, հրապարակային ունկնդրութեան ժամանակ, ուսումնասիրութիւնը ներկայացուած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին։ Այս առիթով Հայր Ռենաթօ Ռոսսօ տուած է նաեւ հարցազրոյց մը, ուր ան կը խօսի իր կատարած հետախուզական աշխատանքի մասին։ Ձեռնարկութեան առիթը եղած է Երուսաղէմի Ս. Յակոբ վանքի մէջ հանդիպում մը, ուր Ս. Յակոբի միաբաններ նկատած են, թէ ցեղասպանութեան զոհերու շարքին եղած են նաեւ հայ քրիստոնեայ գնչուներ։ Ապա Հայր Ռենաթոյի ձեռքը անցած է Գրիգոր Եպիսկոպոս Պալաքեանի երկը, հրատարակուած 1922ին։
Հարցազրոյցի ընթացքին ան անդրադարձած է Պալաքեանի հաւաստի վկայութեան, ուր Եպիսկոպոսը մանրամասնօրէն նկարագրած է իր ապրումները եւ անդրադարձած է նաեւ որոշ շրջանի մը գնչուներու ճակատագրին, որոնք աւելի քան հազար ընտանիք կը հաշուէին։
Հայր Ռենաթօ կը յիշէ դրուագ մը Պալաքեան Եպիսկոպոսի գրքէն, ուր կը պատմուի գնչու աղջկան մը մասին, որ հակառակ խոշտանգումներու հաւատարիմ կը մնայ քրիստոնէական հաւատքին եւ կը նահատակուի։
Այսպէս եղած է նաեւ պարագան 6990 գնչուներու, որոնք չեն ուրացած իրենց հաւատքը արժանանալով մարտիրոսութեան պսակին։
Վերջապէս, Հայր Ռենաթօ կը նկատէ, թէ այդ մարտիրոսները արդէն սրբադասուած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ կողմէ։ Խօսիլ գնչու մարտիրոսներու մասին՝ մեծ կարեւորութիւն ունի, ըսած է Հայր Ռենաթօ, որովհետեւ անոնք կը կազմեն շատ նշանակալից խումբ մը։ Վերջապէս ան նկատած է, թէ լոկ այս գնչուները չէին, որոնք ենթարկուեցան սպանդի, այլ ուրիշ շատեր, որոնց մասին ան կը կատարէ ուսումնասիրութիւններ։ Ան հանդիպած է գնչուներու՝ Երեւանի եւ Կիւմրիի մէջ, որոնք պահած են իրենց նախնիքներու յիշատակը։ Ըստ Հայր Ռենաթոյի հայ քրիստոնեայ գնչու նահատակներու թիւը կրնայ հասնիլ 20 հազարի։








All the contents on this site are copyrighted ©.