2016-10-20 10:15:00

Ֆրանչիսկոս Պապի նամակը Պրազիլի մէջ մանուկներու նուիրուած ազգային շաբթուան առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Պրազիլի Ափարեսիտայի Սրբավայրի տաճարին մէջ, Չորեքշաբթի, 19 հոկտեմբերին, Մանուկներու նուիրուած ազգային շաբթուան եւ Սրբավայրի 300-ամեայ յոբելեանի արարողութեան առիթով, կարդացուած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի  նամակը, գրուած չորեքշաբթի 12 Հոկտեմբերին։ Նամակի ընթերցումը կատարած է Ափարեսիտայի Արեքպիսկոպոս Ռայմունտօ Տամասենօ Ասսիս։

Ֆրանչիսկոս Պապ, իր պատգամին մէջ հարց կու տայ, թէ արդեօք «Կարո՞ղ ենք մանուկներու հետ ժամանակ անցընել, անոնց մտիկ ընել, զանոնք պաշտպանել, անոնց համար աղօթել։ Եւ կամ արդեօք կʼանտեսե՞նք զանոնք՝ մեր հետաքրքրութիւններուն տալով առաջնահերթութիւնը»։ Սրբազան Պապը իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ «մանուկներու շաբթուան» ձեռնարկին եւ կը յիշեցնէ, թէ այդ շաբաթը՝ կազմակերպուած յիշեալ սրբավայրի կողմէ, համագործակցութեամբ տեղական դատարաններու եւ Սաօ Փաօլոյի աշխատանքի ընդհանուր վարչութեան՝ «նպատակ ունի արմատախիլ ընել անչափահասներու բանուորութիւնը եւ մանուկներուն հրամցնէ որակաւոր դաստիարակութիւն մը, որ անոնց պիտի ապահովէ աւելի լաւ ապագայ մը»։ Սրբազան Պապը կը գրէ՝ թէ տակաւին կենդանի կը պահէ իր սրտին մէջ, տարւոյս սեպտեմբերի 3ին Ափարեսիտայի Տիրամօր արձանի զետեղումը Վատիկանեան Պարտէզներուն մէջ։ Ապա անդրադառնալով մանուկներուն նուիրուած ձեռնարկին՝ կը հրաւիրէ չմոռնալ, թէ «մանուկները յոյսի նշան են եւ ազդարար՝ հասկնալու համար ընտանիքի եւ ընկերութեան առողջական մակարդակը։ Երբ մանուկներուն հանդէպ գուգուրանք եւ սէր կը ցուցաբերուի, երբ զնոնք կը պահենք ու կը պաշտպանենք՝ այն ժամանակ ընկերութիւնը պիտի բարելաւուի, եւ աշխարհ աւելի մարդավայել պիտի ըլլայ։ Ասոր համար, կը նկատէ Ֆրանչիսկոս Պապ, պէտք է միշտ նորոգենք մեր իղձը՝ մանուկները աւելի լաւ կերպով ընկալելու։» Սրբազան Հայրը իր նամակը կը փակէ յոյս յայտնելով, թէ անչափահասները աշխատանքի լծելու սովորոյթը արմատախիլ ընել՝ կրնայ ըլլալ պտղաբեր, եւ ասոր համար ան կը հայցէ «որ Սուրբ Հոգին լուսաւորէ ձեռնարկի բոլոր մասնակիցները, եւ միաժամանակ՝ բարեխօսութեամբ Ափարեսիտայի Տիրամօր, կʼուղարկէ իր առաքելական օրհնութիւնը, խնդրելով, որ նաեւ իրեն համար աղօթեն։

Յիշեալ ձեռնարկի առիթով եւ առընչուելով Մարեմեան տարւոյն՝, Ֆորթալեզայի Արքեպիսկոպոսը՝ Խոզէ Անթոնիօ Ափարեսիտօ Թոզի Մարքէզ, հարցազրոյց մը տուած է։ Ան կը կենդրոնանայ Պրազիլի ժողովուրդի մարեմեան բարեպաշտութեան վրայ, եւ կ՝անդրադառնայ միլիոնաւոր մարդոց, որոնք Աստուածածնի ունեցած իրենց մեծարանքով կը դիմեն Ափարեսիտայի Տիրամօր։ Սրբավայրի պատմութիւնը կը սկսի 1717ին, միշտ մնալով յատուկ վայր մը Պրազիլի ժողովուրդին համար, ուր անոնք կը գտնեն մխիթարութիւն եւ աղօթքներու ունկնդրութիւն՝ Աստուածածնի բարեխօսութեամբ։ Արքեպիսկոպոսը, կը նկատէ նաեւ, թէ Ափարեսիտայի սրբավայրի պատմութիւնը սերտօրէն կապուած է նաեւ ստրկութեան բարձումին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.