2016-10-20 10:05:00

Կը մեկնարկէ լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովը:


Հոկտեմբեր 20-ին, ժ.10:40-ին կը մեկնարկէ «Հայոց պետականութիւնը` միասնութեան առանցք» խորագիրով Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովը, որ Հոկտեմբեր 20-22  կ’իրականացուի Երեւանի մէջ, իսկ 23-24` Ստեփանակերտի մէջ:

Համաժողովը կազմակերպած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդի եւ  լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան, Հայաստանի Լրագրողներու միութեան հետ համատեղ:

Համաժողովին կը մասնակցին 140 լրագրողներ` աշխարհի 31 երկրէ:

Լրագրողներու 8-րդ համահայկական համաժողովը կը նուիրուի Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններու անկախութեան 25-ամեակին:

Բացման խօսքով հանդէս կու գայ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Կ’ընթերցուի ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի օրհնութեան խօսքը:

Համաժողովը ուղիղ կը հեռարձակուի համացանցով, կ’ըլլայ պատկերաւոր․ աշխարհի տարբեր երկիրներէ հայ լրագրողները հնարաւորութիւն կունենան մասնակցելու համաժողովի աշխատանքներուն համացանցի միջոցով, հարցեր տալու, առաջարկութիւններ ընելու, ելոյթներ ունենալու:

Համաժողովին նպատակը համահայկական տեղեկատուական դաշտի ընդլայնումն ու կատարելագործումն է, լրատուական ներուժի համախմբումը եւ արդիւնաւէտ կիրառումը Հայաստանի զարգացման, ՀՀ միջազգային վարկանիշի բարձրացման, Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, համահայակական հիմնախնդիրներու լուծման  գործընթացքին մէջ:

Պիտի քննարկուին` ՀՀ պետականաշինութեան գործին մէջ  Սփիւռքի ներուժի ներգրաւման, ճգնաժամային պայմաններուն համահայկական տեղեկատուական միասնական ցանցի ձեւաւորման կառուցակարգերու ու լրատուամիջոցներու համագործակցութեան ուղիներու, հեռուստատեսութեան, ռատիոյի եւ ելեկտրոնային մամուլի համագործակցութեան հեռանկարներու, տեղեկատուական անվտանգութեան հետ կապուած խնդիրներ եւ այլ հարցեր:

Համաժողովին մասնակիցները հանդիպումներ կունենան ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի, ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի, Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանի, Արցախի վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեանի, այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ: Հնարաւորութիւն կունենան ըլլալու առաջին գիծին վրայ, տեսնելու զինուորներու առօրեան, շփուելու անոնց հետ, հարցազրոյցներ կատարելու:

 Քաղուած՝ Hayernaysor.am - են:








All the contents on this site are copyrighted ©.