2016-10-19 15:26:00

Յիսուսեանները յանձնառու են խոցուած մարդկութեան հաշտութեան առաքելութեան


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի,  18 հոկտեմբերին,  Հռոմի Յիսուսեան միաբանութեան մայր վանքին մէջ տեղի ունեցաւ  յիշեալ միաբանութեան նորանշանակ  ընդհանուր մեծաւոր Հօր՝ Արթուրօ Սոսայի առաջին մամլոյ ասուլիսը։ Ան  իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին  ընդգծեց Յիսուսեան  միաբանութեան առաքելութեան երկու կարեւորագոյն կէտերը.  նորակերտ ձեւերով  հռչակել Աւետարանը, յատկապէս հոն ուր աւելի կարիքը կը զգացուի։Յանձնառու գտնուիլ ներդաշնակութեան, աշխարհի մը  մէջ  որ խորապէս վիրաւորուած է։

Վենեզուելլացի Յիսուսեան հայրը յիշեց իր խորիին եւ բեղուն յարաբերութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ  նկատի տալով,  թէ Սրբազան հօր հետ կարելի է  դիւրինութեամբ հաղորդակցիլ։

Պատասխանելով լրագրողներուն իրեն ուղղուած հարցումներուն, հայր Սոզա ի յայտ դրաւ Յիսուսեան միաբանութեան հայրերուն  առաջնահերթ պարտականութիւնը՝ հաւատքի ի սպաս ծառայութիւնն ու  մտաւոր կազմաւորումը ընդգծելով, որ աշխարհի համերաշխութեան գործընթացքին մէջ  Սուրբ Լոյոլայի զաւակները կրնան իրենց նպաստը շնորհել աշխարհի  ամենէն խոցուած վայրերուն մէջ։

՝՝Համերաշխութիւն  բոլորին հետ եւ զանազան ձեւերով։ Աշխարհի բոլոր տարածաշրջաններու  մէջ կը զգացուի այս  բաժանումը, խոցելի բաժանում, որ զգալ կու տայ նաեւ, թէ կը գտնուինք ահռելի կացութեան մը դիմաց։  Հետեւաբար, այս իրավիճակը հսկայ կոչ մըն է  համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ հսկայ մարտահրաւէր Յիսուսի միաբանութեան անդամներուն, որուն կրնանք քիչ ջանքերով նպաստել մարդ էակներու միջեւ ներդաշնակութիւն սփռելով ,  որ միեւնոյն ժամանակ  համերաշխութիւն է  եւ Աստուծոյ եւ արարչագործութեան հետ՝՝ ըսաւ  Հայր Սոզա՝ Յիսուսեան միաբանութեան նորընտիր  մեծաւոր հայրը։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.