Մոլորակի բնակչութեան մօտ 1 միլիառը կ՛ապրի ծայրայեղ չքաւորութեան պայմաններու մէջ, մինչդեռ 800 միլիոնը կը տառապի սովէն եւ թերի սնուցումէն: Այդ մասին յայտարարած է ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղար Պան Քի Մուն:
Հոկտեմբեր 17-ին նշուող Աղքատութեան վերացման միջազգային օրուան առիթով յղած իր ուղերձին մէջ ան կոչ ըրած է պայքարելու աղքատութեան դէմ, եւ կառուցելու «ընկերային արգելքներէ ազատ հասարակութիւն»:
ՄԱԿ գլխաւոր քարտուղարը նշած է, որ «աղքատութիւնը կը չափուի ոչ միայն անբաւարար վաստակով, այլ նաեւ առողջապահութեան, կրթութեան եւ հիմնարար այլ ծառայութիւններու անմատչելիութեամբ»:
Ան յորդորած է կառավարութիւններուն, քաղաքական հասարակութեան անդամներուն եւ ամբողջ մարդկութեան «լսել աղքատութեան մէջ ապրող մարդոց ձայնը»:
All the contents on this site are copyrighted ©. |