2016-10-18 10:21:00

Շուէտի մէջ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ վիճակագրականը


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հոկտեմբեր ամսոյն  վերջաւորութեան համամիութենական բնոյթ ունեցող հովուական ճամբորդութեամբ կը մեկնի  Շուէտ, մասնակցելու համար Լուտեարական վերանորգում Եկեղեցւոյ 500-րդ տարեդարձի յոբելենական տօնախմբութիւններուն։ Այս առթիւ կը ներկայացնենք  Շուէտի կաթողիկէ եկեղեցւոյ  վիճակագրականը՝ 2015 դեկտեմբեր ամսոյն տուեալներուն համաձայն։

Շուէտի 9 միլիոն 841 հազար բնակչութեան վրայ  կաթողիկէ հաւատացեալներու թիւը կը հասնի  113,000։   

Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի 45 ժողովրդապետութիւններ  եւ 22 այլ հովուական կեդրոններ ուր ծառայութիւն կը մատուցեն երկու եպիսկոպոսներ, 53 թեմական քահանաներ, 88 կրօնաւորներ, 32 մնայուն սարկաւագներ, 235 կրօնաւորուհիներ  եւ 419 կրօնուսոյցներ։

Կաթողիկէ եկեղեցին Շուէտի մէջ կը կառավարէ բարեսիրական եւ դաստիարակչական զանազան կառոյցներ­, որոնց կարգին 13 դպրոցներ եւ անկարներու եւ տարեցներու երկու խնամատուներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.