Սուրիոյ Լաթաքիոյ նահանգի Ղնէմիէ հայաբնակ գիւղը, որուն տարիքը կապուած է Կասիոս եւ Մուսա Լեռներու գիւղերու տարիքին հետ, բնակիչները կը խօսին նոյն Բարբառը:
Ղնէմիէ հայութիւնը երկու համայնքի կը պատկանին Առաքելական եւ Աւետարանական:
Նշանաւոր է գիւղի Ս.Գէորգ եկեղեցին, որ կառուցուած է 1875-ին իր բնակիչներուն կողմէ: Այս թուականը ըստ գիւղի ծերունիներուն նորագոյն թուական է: Եկեղեցին գոյութիւն ունեցած է մեր թուականէն երեք դար առաջ:
Եկեղեցին եւ շրջակայ տարածքը կը պատկանի Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային Առաջնորդարանին:
Նախքան Մարտ 2011 Սուրիոյ տագնապի սեւ գարունը ,այստէղ բանակումներ կը կատարուէին ՀՄԸՄ-ի կողմէ, կը նշուէր Ս.Աստուածածնայ վերափոխման տօնը:
2012-ին բռնագրաւուեցաւ գիւղը.թալանուեցան բնակարաներն ու եկեղեցիները եւ բռնի պարպուեցաւ գիւղը իր բնակիչներէն:
Յունուար 2016-ին Սուրիոյ Արաբական Բանակը ազատագրեց Ղնէմիէ գիւղը: Ղնէմիէցիք Պետական մարմիններուն հետ միասին վերադարձան գիւղ, աղօթքով մոմ ու խունկ վառեցին:
Շրջանը տակաւին պատերազմական գօտի է: Կը սպասեն յարմար ժամանակի ,որ նորոգեն եկեղեցին ու բնակարանները:
Ղնեմիէցի արուեստագէտ գեղագծագրիչ Պուլոս Սարգօ կ’ըսէ, երբ գիւղը ազատագրուեցաւ Սուրիական արաբական բանակին կողմէ, ահաբեկիչներն ու թրքական գործակալները պղծած էին եկեղեցին թալանած ու կողոպտած,աւերած էին եկեղեցին եւ մօտակայ գերեզմանները:
Արուեստագէտ Պուլոս Սարգոյի աշակերտուհի օր.Ռանիա Համէտ, իւղաներկով կտաւի վրայ գծանկարած Է Ղնեմիէի եկեղեցին : Ցոյց տալու իր սէրն ու համակրանքը հայ ազգին հանդէպ:
Ռանիա Համէտ կ’ըսէ, պիտի վերականգնուի եկեղեցին եւ կեանքը պիտի վերադառնայ ՂՆԵՄԻԷին:
All the contents on this site are copyrighted ©. |