2016-10-17 10:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապ 2017-ի մարտ 25-ին Միլանօ կ՛այցելէ եւ մայիս 27-ին Ճենովան։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի թէ 2017 տարուայ ընթացքին, Շաբաթ` 25 մարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Միալնոյի աւագ թեմին, մինչ երկու ամիս ետք` 27 Մայիս 2017-ին  պիտի այցելէ Ճենովայի աւագ թեմը։

Վերոնշեալ լուրի հրապարակման առթիւ Միալնոյի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Անճելօ Սքոլա յայտնեց թէ ''Սրբազան Քահանայապետին այս այցելութիւնը նշան է` Ամպրոզիան Եկեղեցւոյ, Միլանօ քաղաքին ու Լոմպարտիա մարզին նկատմամբ ունեցած սիրոյն ու գնահատանքին''։  Ան ապա աւելցուց ''կ՛ուզենք մեր երախտապարտութիւնը յայտնել Ֆրանչիսկոս Պապին որ պիտի գայ մեզ վերահաստատելու հաւատքին մէջ''։ Կարդինալ Սքոլա հուսկ յայտնեց թէ համայն թեմին հաւատացեալները Քահանայապետի այցելութեան սպասումը պիտի ապրին աղօթքով` ընդունելու համար այս գեղեցիկ նուէրը։

Ճենովայի Արքեպիսկոպոս եւ Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ կարդինալ Անճելօ Պանիքսօ իր կարգին յայտնեց թէ ''Ֆրանչիսկոս Պապին Ճենովա այցելութիւնը մեծ շնորհք մըն է ու մխիթարութիւն''։ Ան ապա յիշեց Սուրբ Պետրոսի յաջորդներէն Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի երկու հովուական այցելութիւնները եւ ութը տարիներ առաջ` Պենետիկստո ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետին թեմին կատարած հովուական այցելութիւնը ու յայտնեց թէ սոյն ժամադրութեան համայն թեմը պիտի պատրաստուի հոգեւոր ընթացքով եւ աղօթքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.