2016-10-17 10:45:00

Սուրիոյ ապագայ քայլերու քննարկման համար հաղորդակցութիւններ Լոզանի մէջ


Շաբաթ օր Զուիցերիոյ Լոզան քաղաքին մէջ տեղի ունեցան Սուրիոյ հարցով «սեղմ ձեւաչափով» բանակցութիւններ` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Իրանի, Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ, Իրանի, Եգիպտոսի, Իրաքի, Յորդանանի եւ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յանձնակատար Սթեֆան տը Միսթուրայի մասնակցութեամբ:

Դիւանագիտական աղբիւր մը «Մայատին արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ չորսուկէս ժամ տեւած արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով գումարուած ժողովին աւարտին Սուրիոյ շուրջ բանակցութեան նոր թուականի մը շուրջ համաձայնութիւն չգոյացաւ, եւ ժողովի ընթացքին սէուտցիներն ու իրանցիները նոյնիսկ իրարու չբարեւեցին:

Ժողովէն ետք Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հակիրճ յայտարարութիւն մը կատարելով յայտնեց, որ ժողովին մասնակիցները համաձայնութիւն գոյացուցած են ամէնէն մօտ ժամանակին շարունակելու իրենց հաղորդակցութիւնները եւ ժողովի ընթացքին ուշադրութեան արժանի նոր գաղափարներ ներկայացուցած են:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի իր կարգին յայտնեց, որ Լոզանի ժողովին մասնակիցները համաձայնութիւն գոյացուցած են շարք մը գլխաւոր հարցերու վերաբերեալ, մասնաւորաբար Սուրիոյ տագնապին վերջ տալու կարեւորութեան շուրջ: Անոնք նաեւ համաձայնած են շարունակելու աշխատանքը առկախ հարցերուն շուրջ:

«Սուրիոյ վերաբերեալ Լոզանի բանակցութիւններուն մասնակից երկիրներուն յաջորդ հաղորդակցութիւնը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի օր` քննարկելու համար ապագայ քայլերը», աւելցուց Քերրի:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ Լոզանի հանդիպումին զինադադարի հաստատման շուրջ համաձայնութիւն չէ գոյացած, եւ Թուրքիա ժողովի ընթացքին զինադադարի հաստատման եւ Հալէպի մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարման շուրջ առաջարկներ ներկայացուցած է:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ Ժապհաթ Նուսրայէն պահանջեց անմիջապէս հեռանալ Հալէպէն, ինչպէս նաեւ սուրիական ընդդիմադիր ուժերուն կոչ ուղղեց` իրենք զիրենք անջատելու ահաբեկչական Ժապհաթ Նուսրայէն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Լոզանի բանակցութիւններուն բոլոր մասնակիցները հաստատած են իրենց հաւատարմութիւնը Սուրիոյ` իբրեւ ամբողջական եւ աշխարհիկ պետութիւն, իսկ Ռուսիա շեշտած է զինադադարի դրութեան վերականգնման համար ընդդիմադիր զինեալները ահաբեկիչներէն անջատելու աշխատանքի կատարման անհրաժեշտութիւնը:

«Հաստատուած է հանդիպումին բոլոր մասնակիցներուն հաւատարմութիւնը Սուրիոյ` իբրեւ ամբողջական, անկախ եւ աշխարհիկ պետութեան պահպանման, ուր երկրին ապագան կ՛որոշեն իրենք` սուրիացիները` ներառական քաղաքական երկխօսութեան ընթացքին», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նախարարութիւնը նաեւ կ՛ընդգծէ. «Անհրաժեշտ է հասկնալ, որ ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի ահաբեկիչներուն դէմ գործողութիւնները պիտի շարունակուին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.