2016-10-16 12:24:00

''Միացնենք ուժերը պայքարելու համար աղքատութեան դէմ''. Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 16 հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած սրբադասման արարողութեան սուրբ պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետ նոյն վայրէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը, որմէ առաջ ողջոյնի խօսք ուղղեց արարողութեան մասնակցող հաւատացեալներուն, յատկապէս ողջունելով պաշտօնական պատուիրակութիւնները որոնք ժամանած էին Արժանթինէն, Սպանիայէն, Ֆրանսայէն, Իտալիայէն եւ Մեքսիքոյէն։ Ան ապա յիշեցուց թէ վաղը կը նշուի Աղքատութեան դէմ համաշխարհային օրը ու հրաւէր ուղղեց միացնելու բոլոր ուժերը, ըլլան անոնք բարոյական կամ տնտեսական, միասնաբար պայքարելու համար աղքատութեան դէմ, որ նուաստացուցիչ է` կ՛անարգէ եւ կը սպանէ բազմաթիւ եղբայրներ ու քոյրեր ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը յորդորելով այս մէկը ընել` լուրջ քաղաքականութիւններ որդեգրելով ի սպաս ընտանիքի ու աշխատանքի։

Ֆրանչիսկոս Պապ, ողջոյնի խօսքը եզրափակեց Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան յանձնելով աղօթքի բոլոր դիտաւորութիւնները ու յատկապէս խաղաղութեան ի սպաս աղօթքի դիտաւորութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.