2016-10-15 11:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Եկեղեցին սիրով, յարգանքով ու երախտապարտութեամբ կը նայի տարեցներուն''։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 15 հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ` իր գրասենեակին մէջ ընդունելէ ետք եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչը Կարդինալ Մարք Ուելլեն ապա Արժանթինի նորընտիր նախագահը Տիար Մաուրիցիօ Մաքրի ու անոր ընտանիքը, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ողորմութեան յոբելեանի առթիւ ու մեծ տատիկներու ու մամիկներու տօնին առթիւ հռոմ ժամանած 7000 տարեցներուն։

Անոնց ուղղած պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը նախ իր խնդրակցութիւնը յայտնեց իրենց հետ միասին կիսելու այս խորհրդածութեան ու աղօթքի օրը, ու իր մօտիկութեան զգացումը փոխանցեց բոլոր այն տարեցներուն, միակ ու հիւանդ,­ որոնք չկարողացան մասնակցիլ այս հաւաքին, թէեւ հոգեպէս միացած են այս համախմբումին։ ։

Քահանայապետը ապա հաստատեց թէ Եկեղեցին սիրով, յարգանքով ու երախտապարտութեամբ կը նայի տարեցներուն։ Անոնք հիմնական մաս են քրիստոնեայ հասարակութեան եւ ընկերութեան ու յատկապէս կը ներկայացնեն ժողովուրդի մը յիշողութիւնն ու արմատները։

''Ձեր փորձառութիւնը թանկարժէք գանձ մըն է որ կենսական է` յոյսով եւ պատասխանատուութեամբ նայելու համար ապագային''  ըսաւ Սրբազան Պապը ընդգծելով նաեւ թէ անոնց հասունութիւնն ու իմաստութիւնը կարող են օժանդակել երիտասարդներուն` իրենց ճանապարհի փնտռտուքի մէջ։

''Տարեցները արդարեւ կը վկայեն թէ նոյնիսկ դժուար պահերուն պէտք չէ կորսնցնել Աստուծոյ վրայ վստահութիւնը ու աւելի լաւ ապագայի յոյսը։ Անոնք ծառեր են որ կը շարունակեն պտուղ պարգեւել, նոյնիսկ ժամանակի ծանրութեան տակ, ու կարող են տակաւին իրենց սատարը բերել ընկերութեան մը` որ հարուստ ըլլայ արժէքներով'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու մատնանշեց բազմաթիւ տարեցներուն շնորհած ծառայութիւններուն, ըլլայ ժողովրդապետութիւններու ներքոյ, ըլլայ ընտանեկան յարկէն ներս` խնամք տանելով իրենց թոռնիկներուն ու անոնց փոխանցելով իրենց կեանքի փորձառութիւնը ու հոգեւոր ու մշակութային արժէքներ, եւ խրախուսեց զանոնք` աշխատելու ի սպաս կեանքի մշակոյթին ու վկայելու այն արժէքները որոնք իսկապէս արժէքաւոր են ու մնայուն,  բացայայտելով թէ կեանքի ամէն մէկ եղանակ պարգեւ մըն է շնորհուած Աստուծմէ եւ ունի իր գեղեցկութիւնն ու կարեւորութիւնը, նոյնիսկ երբ յատկանշուած է դիւրաբեկութեամբ։

Նորին Սրբութիւն ապա յատուկէն յիշեց այն տարեցները որոնք հիւանդ ու անկար են եւ կարիք ունին խնամակալութեան, գոհաբանութիւն մատուցելով Տիրոջ այն անձերուն ու կառոյցներուն համար որոնք յատկացուած են այդ տարեցներու խնամակալութեան ու ընդգծեց թէ այդ հաստատութիւնները կանչուած են դառնալու` մարդկայնութեան ու սիրոյ վայրեր, ուր ամենատկար անհատները մոռացումի չմատնուին այլ յիշուին ու պահպանուին որպէս աւագ եղբայրներ ու քոյրեր։ Այս առնչութեամբ Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ հաստատութիւններն ու ընկերային իրականութիւնները կարող են առ աւելին ընել օգնելու համար տարեցներուն` իրենց կարողութիւնները աւելիով արտայայտելու համար ու անհատի արժանապատուութիւնը յարգելու եւ արժէքաւորելու համար։

''Այս իրականացնելու համար հակազդելու ենք ''մնացորդացի'' մշակոյթին որ կը մեկուսացնէ տարեցները'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղելով հանրային պատասխանատուներուն, մշակութային, դաստիարակչական ու կրօնական  կեդրոններուն, ինչպէս նաեւ բարի կամք ունեցող մարդոց, աւելի մեծ յանձնառումով աշխատիլ ու կառուցել` միշտ աւելի հիւրընկալ ու ներառող ընկերութիւն մը, որ կարենայ նաեւ կապ հաստատել սերունդներու միջեւ, որովհետեւ ժողովուրդի մը ապագան կարիքը ունին տարեցներու ու երիտասարդներու միջեւ հանդիպումին։

''Երիտասարդները ուղեւորութեան մէջ ժողովուրդի մը  կենսունակութիւնն են մինչ տարեցները կը հզօրացնեն այդ կենսունակութիւնը` իրենց իմաստութեամբ եւ յիշողութեամբ'' յարեց Սրբազան Քահանայապետը ու խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն իրենց սիրոյ նուիրումի ու իմաստութեան օրինակելի կենցաղին համար։

''Շարունակեցէք քաջութեամբ վկայել այս արժէքները'' ըսաւ Սրբազան Պապը մաղթելով որ ընկերութենէն չպակսի անոնց ժպիտը ու անոնց աչքերու լուսաւորութիւնը։

''Ես ձեզի կ՛ընկերանամ իմ աղօթքովս բայց դուք եւս մի մոռնաք աղօթել ինծի համար'' յարեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու անոնց շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.