2016-10-15 10:41:00

Վանականութիւն (ԺԵ)


Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի վերագրուած Յաճախապատում ճառերը ճոխ են քրիստոնէական ուսուցմամբ եւ հարուստ աղբիւր Հայ Եկեղեցւոյ կառոյցին եւ պատմութեան։

Ճառերու 23րդ գլուխը նուիրուած է կրօնաւորական կեանքին։ Նախորդ հաղորդումներուն մէջ ծանօթացանք կրօնաւորական կոչումի, անոր նպատակին եւ կառոյցներուն։

Այսօրուան հաղորդումին մէջ, Սուրբ Գրիգոր կը յորդորէ, որ կրօնաւորները ըլլան “Բարեսէր, բարեգութ, բարեխոհ Հայրեր”, նմանելով երկնաւոր Հօր։ Քրիստոնէական եկեղեցւոյ մէջ կրօնաւորական կեանքը միշտ վանական հասարակութիւններու մէջ չէ եղած։ Մեծ եղած է թիւը միայնակեացներու։ Երբ կազմուեցան նաեւ կրօնաւորական կամ վանական հասարակութիւնները, շեշտուեցաւ միասնական կամ հասարակաց կեանքը՝ ուր ընկերսիրութիւնը կամ եղբայրսիրութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունին։ Արդ, կրօնաւորներ պէտք է բարեգութ եւ սիրով ըլլային, ո´չ միայն հաւատացեալներուն հանդէպ, որոնց կը քարոզէին, այլ մանաւանդ իրարու´ հանդէպ։ Հասարակաց կեանքը կրօնաւորական կեանքի մարտահրաւէրներէն մին է։ Նկարագրով, դաստիարակութեամբ, հետաքրքրութեամբ եւ նպատակներով բազմազան՝ մարդիկ կը հաւաքուէին՝ միասին աշխատելու, աղօթելու եւ ամբողջ կեանք մը անցընելու հասարակութեան մէջ։ Ասոր համար Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, ինչպէս բոլոր հոգեւոր հեղինակները, կը շեշտեն սիրոյ եւ հնազանդութեան առաքինութիւններուն վրայ։ Հիմնականին սակայն, ինչպէս կը կարդանք Յաճախապատումի մէջ՝ անոնք որոնք կ’ընդգրկէին կրօնաւորական կեանքը՝ “բարիին հաւանող, սրբասէր եւ ճշմարտասէր” մարդիկ էին, որոնք իրենց մէջ կը կրէին “Երկնայինի յոյսը”։ Իսկ մնալու հաւատարիմ իրենց կոչումին, անոնք պէտք է “Կառչէին հրեշտակային վարքերուն՝ սուրբ սրտով եւ անարատ մարմնով”։

Ուրիշ կէտ մը, որ հասարակաց կեանքի կարեւոր գործօններէն մին է, “հնազանդութիւնն” է, որուն նոյնպէս կ’անդրադառնայ այսօրուան մեր յիշած հատուածը։

 

Յաճախապատումին մէջ կը կարդանք՝ “Այլեւ երկնայիններու յիշատակներն ու յոյսն ունեցող հայրերը՝ պարտաւոր են ըլլալ բարեսէր, բարեգութ եւ բարեխոհ, նմանելով երկնաւոր հօր, որ իր նախախնամական սիրով կը խնամէ բոլոր արարածները, հոգեպէս եւ մարմնապէս՝ երեւելի եւ աներեւոյթ դարմաններով, իր հոգեխառն սիրով, ու Յիսուս Քրիստոսի իմաստութեան բարեպաշտագոյն երեւմամբ։ Եւ բարիին հաւանող, սրբասէր ու ճշմարտասէր որդիները՝ պէտք է հեռանան բոլոր երեւելի եւ աներեւոյթ դժնդակութիւններէն. ամուր կառչելով հրեշտակային վարքերուն՝ սուրբ սրտով եւ անարատ մարմնով ըլլան, ողջախոհ խորհուրդով եւ իրաւախոհ անկեղծաւոր հաւատքով, եւ հնազանդ ըլլան հոգիներու հօր ու մարմիններու տեսուչին. եւ անգամ մը որ հոգուով պաշտելով հանգուցուին անոր հաճութեան, վստահին անոր ընտանութեանը եւ հոգեւոր հարազատութեան՝ առանց երկմտութեան պիտի միաւորուին իրարու իբրեւ մարմնի անդամներ՝ որովհետեւ մէ´կ մարմին ենք Քրիստոսով։ Պի´նդ պէտք է պահեն յոյսին տրուած անխախտ խոստովանութիւնը, եւ այդ հաւատքով պիտի դառնան կատարեալ, կապուած միաւորող հոգիով, յօդերով զրահաւորուած, ամրապնդուած միեւնոյն հաւատքով, անխզելի կապակցութեամբ՝ եւ ո´չ մի խաբէութեան բարեձեւութիւն չէ կարող քանդել միաբանութեան ամրութիւնը։

Որովհետեւ միայն ա´յս աւանդը անվրէպ փոխանցուեցաւ մեզի առաքեալներու միջոցաւ ուր կ’ըսէ՝ “մարդիկ անով պիտի ճանչնան ձեզ՝ թէ իմ աշկերտներս էք, երբ ձեր սէրը անխախտ կ’ըլլայ մարդոց նկատմամբ” (հհմտ Յովհ ԺԳ. 34). այս պէտք է ըլլայ մեր գլխաւոր կատարելիքը։ Եւ ով որ առանց անոր, ինքնակամ մտածէ՝ առաքինութիւններու շարքին համարիլ իր որեւէ գործը՝ առանց բարձրագոյն եղբայրներուն եւ առաջնորդի կամքին՝ ապա անընդունելի պիտի ըլլայ Աստուծմէ, եւ մեղաւոր պիտի համարուի։”

 








All the contents on this site are copyrighted ©.