2016-10-15 09:43:00

Ողորմութեան ուրբաթ օր.Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Հռոմի մանուկներուն շտապ օգնութեան կեդրոն։


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան Սուրբ Տարուան ծիրէն ներս, ուրբաթ, 14 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Հռոմի  մանուկներու շտապ օգնութեան կեդրոն “Villaggio SOS”, ուր հիւրընկալուած են ընտանեկան հարցեր ունեցող մանուկներ։

Այս մասին  մանուկներուն կեդրոնին պատասխանատու Տիար Փաուլօ Քոնթին, Վատիկանի Ռատիոկայանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին , յայտնեց թէ Սրբազան Հօր այցելութիւնը հանդիսացաւ մեծ անակնկալ  մը։ Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրած է կեդրոնի պատասխանատուներէն, իր բոլոր ժամանակը անցնել մանուկներուն հետ։ Ան իր հետ տարած է անուշեղէն եւ մանուկներուն հետ բաժնեկցած է նախընթրիքը։   

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելած է մանուկներուն կեդրոնի բոլոր բաժանմունքները՝ մարզադաշտ, մանուկներու սենեակները, լողաւազան եւ այլն,,,

Հռոմի մանուկներուն շտապ օգնութեան կեդրոնի այցելութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ այցելած է նաեւ կարդինալ Անտրէա Քորտերօ Լանզա Տի Մոնթեցեմոլոն որ կը գտնուի Վիլլա Պեթանիա անուան հիւանդանոցին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը Վատիկան վերադարձած է երեկոյեան ժամը 5.30-ին ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.