2016-10-15 11:07:00

Կրթական ոլորտում սուրիահայերուն ցուցաբերուած Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութիւնը:


2012-2016 թուականներուն ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն կրթական հարցերով դիմած է Հայաստան հաստատուած շուրջ 2500 սուրիահայ: Սուրիահայ երեխաներու դպրոց եւ մանկապարտէզ ընդունելութեան դիմումները կը քննարկուին արտահերթ: Այս տարիներուն ընթացքին շուրջ 400 երեխայ արտահերթ տեղաւորուած է Երեւանի մանկապարտէզներուն մէջ, իսկ Հայաստանի հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններ կը յաճախէ շուրջ 2000 սուրիահայ երեխայ:

Երեւանի քաղաքապետարանին հետ համագործակցութեամբ եւ ՍԴՀԿ աջակցութեամբ 2012-2013 թուականներուն կազմակերպուած է սուրիական ծրագիրով դպրոց` 300 սուրիահայ աշակերտի համար:

Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն համար կազմակերպուած են արեւելահայերէնի եւ ռուսերէնի արագացուած դասընթացներ:

Սուրիահայերու ընդունելութիւնը ՀՀ համալսարաններ կ’իրականացուի հեշտացուած կարգով: ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը կ’ընդառաջէ Սուրիոյ մէջ համալսարանական ուսումը կիսատ ձգած սուրիահայ ուսանողներուն` հայաստանեան համալսարաններուն մէջ նոյն մակարդակէն  ուսումը շարունակելու հարցով:

2012-2013 թուականներուն ուսումնական տարուան սուրիահայ շուրջ 350 ուսանողի վարձավճարները փոխհատուցուած են ՀՀ կառավարութեան եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին, 2013-2014 թուականներուն սուրիահայ շուրջ 400 ուսանողի վարձավճարները` ՀՀ կառավարութեան, ՀԲԸՄ-ի, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան եւ Քուէյթի կառավարութեան, 2014-2015 թուականներուն սուրիահայ 420 եւ 2015-2016 թուականներուն սուրիահայ 447 ուսանողի վարձավճարները` ՀՀ կառավարութեան, ՀԲԸՄ-ի, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան ֆինանսական աջակցութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.