2016-10-15 10:19:00

Եօթը երանելիներու սրբադասման արարողութիւն Սուրբ Պետրոսի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Կիրակի 16 հոկտեմբերին՝ առաւօտեան ժամը 10,15ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ կը նախագահէ  Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը,  որուն ընթացքին Սուրբ կը հռչակէ  եօթը երանելիներ.

Երանելի Սալոմոնէ Լեքլերք, Երանելի Ժուզեփփէ Սանչեզ Տել Ռիօ, երանելի Մանուէլ Կոնզալեզ Կարսիա, Երանելի Լուտովիկօ Փաւոնի, Երանելի  Ալֆոնսօ Մարիա Ֆուսքօ, երանելի Ժուզէփփէ Կապրիելէ Տել Ռոզարիօ Պրոքերօ, ինչպէս նաեւ Երանելի Էլիզապեթթա Տելլա Սանթթիսսիմա Թրինիթա։

Ստորեւ կը ներկայացնենք յիշեալ 7 երանելիներուն հակիրճ կենսագրականը.

Երանելի Պրոքերօ

Խօսէ Կապրիել Տել Ռոզարիօ Պրոքերօ, ծնած է Արաժանթինի մէջ  16 մարտ 1840-ին։ Ան քահանայ ձեռնադրուած էր 1866-ին, եւ ժողովրդապետ նշանակուած է գիւղի մը մէջ ուր բարելաւած է հաւատացեալներու թէ նիւթական թէ հոգեւոր վիճակը։ Ան բաժնելից դարձած է հաւատացեալներու առօրեայ կեանքին մինչեւ  այն աստիճան որ օրին մէկը վարակուած է  ծանր հիւանդութենէ մը՝  հաւատացեալի մը գաւաթէն ՝՝Մաթէ՝՝ ըմպելին խմելով։ Վախճանած է ''Villa del Tránsito''  իր  ծննդավայրին մէջ՝ 26 յունուար 1914-ին։Աստուծոյ ծառայ հռչակուած է 2004-ին՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետին օրով, ապա  երանելիներու դասին արժանացած է 2013-ին՝ Ֆրանչիսկոս Պապի կողմէ։ 

Անցեալ 22 յունուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբերու դատի ժողովին արտօնութիւն շնորհեց հրապարակելու Երանելի Պրոքերոյի բարեխօսութեամբ կատարուած  հրաշքի  վաւերաթուղթը։ Հրաշքը կը հայի 9 տարեկան մանուկի մը որ 45 օրեր մահաքունի մէջ մնալէն վերջ արթնցած է Երանելիին բարեխօսութեամբ։ Խօսէ Կապրիել Տել Ռոզարիօ Պրոքերոյի աճիւնները ամփոփուած են  իրեն անուան նուիրուած ''Վիլլա Քուրա Պրոքերու'' ծննդավայրին մէջ։

2013-ին՝ Պրոքերոյի երանացման արարողութեան առթիւ , Ֆրանչիկսոս Պապ Արժանթինի եպիսկոպոսաց դասին ուղարկած նամակին մէջ երանելի Պրոքերոն նմանեցուցած է հովիւի մը, որ իր վրան ունի ոչխարներուն հոտը։

Երանելի Սանչեզ Տել Ռիօ։

Խոսէ Սանչեզ Տել Ռիօ ծնած է 28 մարտ 1913-ին։ Ան Մեքսիքոյի մէջ  եղած է  քրիստոնեայ տիպար երիտասարդ  մը եւ սպաննուած է կառավարական մարդու մը կողմէ իր Քրիստոնեայ  հաւատքին կառչած մնալուն եւ զայն չ՝ուրանալուն համար՝  10 փետրուար 1928-ին։  Խօսէ Սանչեզ երանելի հռչակուած է Պենետիկրոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի օրով ՝ 20 նոյեմբեր 2005-ին։ 

Երանելի Սալոմոնէ Լէքլերք

Երանելի Սալոմոնէ Լէքլերք` աւազանի անունով Կուլիելմօ Նիքոլա Լուտովիքօ, ծնած է Boulogne-sur-Mer 14 նոյեմբեր 1745-ին։ 1767-ին կը մտնէ Քրիստոնեայ դպրոցներու եղբայրներու միաբանութեան նորընծայարան, ապա 1772-ին կը կատարէ իր մշտնջենաւոր ուխտերը։ 1792 Ֆրանսական յեղափոխութեան տարիներուն Երանելի Սալոմոնէ Լէքլերք կը ձերբակալուի ապա նոյն տարին՝ 2 սեպտեմբերին, մահուան կը դատապարտուի եւ կը նահատակուի` կղերի քաղացիական սահմանադրութեան հաւատարմութեան երդումը  մերժելուն համար։

17 հոկտեմբեր 1926-ին Պիոս ԺԱ քահանայապետի օրով Եյբայր Սալոմոնէ Լէքլերք իր միաբանակից այլ 190 եղբայրներու հետ միասին երանելիներու շարքին կը դասուի։

Երանելի Մանուել Կոնզալէս Կարսիա

Երանելի Մանուել Կոնզալէս Կարսիա` Փալենսիայի եպիսկոպոս եւ հիմնադիր ''քաւիչ հաղորդութեան միութեան'' ու Նազարէթի Սուրբ հաղորդութեան Առաքեալներու իգական միաբանութեան։ Ան եյած է հաւատարիմ ու քաջ հովիւ եւ առաջնորդ իրեն յանձնուած հաւատացեալներուն համար։ Ապրած է օրինակելի ու սրբակեաց կեանք ամբողջութեամբ նուիրուելով աղօթքի ու ծառայութեան ու յատկապէս Սուրբ Հաղորդութեան ջերմեռանդութեան։

Երանելի Լոտովիկօ Փավոնի

Երանելի Լոտովիկօ Փավոնի` Քահանայ եւ հիմնադիր ''Անարատ Յղութեան զաւակներու միաբանութեան։ Ծնած է Պրէշիա 11 սեպտեմբեր 1784-ին։ Իր առաքելութիւն կատարած է մեծ գթութիւն ցուցաբերելով տկարներուն ու թշուառներուն  ու յատկապէս աղքատ  երիտասարդներուն  նկատմամբ։ Քահանայ ձեռնադրուած է 21 փետրուար 1807-ին։  Ան երիտասարդներուն համար հիմնած է Սան Պարնապա կեդրոնը ապա 1841-ին նոյն կեդրոնին մէջ ընկալած է խուլ ու համրութենէ տառապող երիտասարդներ։

Երանելի Լոտովիկօ Փավոնի`յատուկօրէն զբաղած է դաստիարակութեամբ ու ներդրումներ ունեցած է յատկապէս մանկավարժական ոլորտէն ներս, աշխատանքն ու ուսումը իրար միացնելով։

1849-ի ապրիլ մէկին հայր Լոտովիկօ Փավոնի թոքերու հիւանուդթեան հետեւանքով իր հոգին աւանդեց առ Հայր։ 2002-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը զայն դասեց երանելիներուն շարքին։

Երանելի  Ալֆոնսօ Մարիա Ֆուսքօ

Երանելի  Ալֆոնսօ Մարիա Ֆուսքօ, Քահանայ եւ հիմնադիր Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի իգական միաբանութեան։ Ծնած էր 23 մարտ 1839-ին հաւատացեալ ընտանիքի մը մէջ։ քահանայ ձեռնադրուած է 29 մայիս 1863-ին ու նուիրուած է փողոցային մանուկներու դաստիարակութեան , անոնց կիրակելով կրօնական ուսուցում։26 սեպտեմբեր 1878-ին հիմնեց Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի իգական միաբանութիւնը ի սպաս աւետարանումի, դաստիարակութեան ու աղքատ մանուկներու եւ երիտասարդներու խնամակալութեան։ Իր մահկանացուն կնքեց 6 փետրուար 1910-ին եւ խորաններու պատւոյն արժանացաւ 7  հոկտեմբեր 2001-ին Սուրբ Ղվհաննէս Պօղոս Բ օրով։


Երանելի Էլիզապեթթա Տելլա Սանթիսսիմա Թրինիթա
Երանելի Էլիզապեթթա Տելլա Սանթիսսիմա Թրինիթա, աւազանի անունով Էլիզապեթթա Քաթեզ, բոպիկ Քարմելիթաններու միաբանութեան կրօնաւորուհի։ Ան ծնած է Ֆրանսայի Պուրկ քաղաքին մէջ ՝ 8 յուլիս 1880-ին։ Առաջին Սուրբ Հաղորդութիւնը ստանալէ ետք Քոյր Էլիզապեթթա  իր ամբողջ կեանքը նուիրած է Քրիստոսին։  2 օգոստոս 1901-ին, մտած է Տիժոնի Քարմելօ անուան վանք, անուանակոչուելով Էլիզապեթթա Տելլա Թրինիթա։

Կուսակրօնութեան ուխտը կատարելէ քիչ ժամանակ ետք՝ Քոյր Ելիզապեթթա կ՝իյնայ հիւանդութեան ծանր վիճակի մէջ։ Ան իր հիւանդութեան ցաւերը խաղաղութեամբ կ՝ընդունի ինքզնք ապաւինելով Աստուծոյ Ողորմածութեան։  9 նոյեմբեր 1906-ին,՝ Երանելի Էլիզապեթթա, 26 տարեկանին կը կնքէ իր մահկանացուն։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.