2016-10-14 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Պարէնի համաշխարհային օրուայ առթիւ պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Պարէնի համաշխարհային օրը` 1979-էն սկսեալ ամէն տարի կը նշուի հոկտեմբեր 16-ին: Օրը կը զուգադիպի ՄԱԿ-ի պարէնի ու գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան ստեղծման օրին՝ 1945թ. հոկտեմբեր 16: 

2016-ի Պարէնի համաշխարհային օրուան առթիւ, ուրբաթ 14 հոկտեմբերէն սկսեալ կազմակերպուած են զանազան ձեռնարկներ ու յատկապէս ՄԱԿ-ի Պարէնի ու գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան Հռոմի կեդրոնատեղիին մէջ,  առաւօտեան 10-ին տեղի ունեցաւ Պարէնի համաշխարհային օրուայ ձեռնարկներու, պաշտօնական բացումը որուն ընթացքին կարդացուեցաւ նաեւ Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետին այս առթիւ յղած պատգամը որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով  Պարէնի համաշխարհային օrուայ բնաբանին ''կլիման փոփոխումի մէջ է։ Սնունդն ու գիւղատնտեսութիւնը եւս'', հաստատեց թէ այս մէկը մեզ կը մղէ համարելու թէ անօթութեան դէմ պայքարը տակաւին դժուար ընթացքի մէջ է, ի տես կլիմայական փոփոխութիւններու բարդ երեւոյթին։

Սրբազան Քահանայապետը ապա ''բնութեան  մարդու դէմ սպառնացող մարտահրաւէրներուն ի տես , ինչպէս նաեւ մարդուն բնութեան դէմ սպառնացող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու տրամաբանութեան ուղիով'' ՄԱԿԻ պարէնամթերքի եւ գիւղատնտեսութեան  կազմակերպութեան ու անոր անդամներուն առաջարկեց մի քանի խորհրդածութիւններ մեկնելով այն  հարցադրանքէն թէ '' որո՞նք են ներկայ կլիմայական փոփոխութիւններու պատճառները'' ու այս առընչութեամբ ընդգծելով հասարակական պատասխանատուութիւնը` որպէս արարչութեան պահապաններ։

''Ամենէն առաջ հարկաւոր է ընդունիլ թէ կլիմայական փոփոխութիւններու ժխտական հետեւանքներու ծագումը կախեալ է մեր անձնական, հասարակական, ազգային ու պետական առօրեայի վարուելակերպէն, գրած է Սրբազան Քահանայապետը  պատգամին մէջ, ու առաջարկած է ''այս ուղղութեամբ ընտրել կեանքի պատշաճ ապրելակերպ, ի շահ նոր սերունդներուն, որպէսզի կարենանք պահպանել երկրագունդը''։

Ան ապա թելադրած է ծրագրել ներդրումներ ըլլայ անհատական, ըլլայ հաւաքական, ըլլայ  պետական ու միջազգային գետնի վրայ, աշխատելով զօրակցութեան ու եղբայրութեան հիմերու վրայ։

Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ անդրադարձած է ապա գիւղատնտեսութեամբ, ձկնորսութեամբ ու անտառատնտեսութեամբ զբաղող անհատներուն, որոնք առաջիններն են որ կը դիմագրաւեն կլիմայական փոփոխութիւններու  հետեւանքները, եւ որոնք կը նկատեն թէ կլիմային հետ կը փոխուի նաեւ իրենց կեանքը ու իրենց առօրեան կը դառնայ դժուար ու յաճախ անտանելի, զանոնք մատնելով յուսահատութեան ու յուսալքումի, իրենք զիրենք մոռցուած զգալով իշխանութիւններէն։

Անոնց իմաստութենէն մենք կարող ենք սորվիլ կեանքի ապրելակերպ մը` որ կարող է մեզ օգնել պաշտպանուելու համար մսխումի տրամաբանութենէն ու ամէն գնով շահի փնտռտուքէն - գրած է Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ մատնանշելով թէ գիտաշխատանոցներու մէջ որակելի արտադրումները որոնք գերազանց արդիւնքներ կու տան կրնան շահաբեր ըլլալ մի քանիներուն` սակայն աղետալի հետեւանքներ կարող  են ունենալ ուրիշներու վրայ''։

Սրբազան Քահանայապետը այս ուղղութեամբ դատապարտեց սերնդաբանական արտադրումներն ու անոնց հետեւանքները ինչպէս նաեւ անոնց ժխտական ազդեցութիւնը բնութեան վրայ, յորդորելով գործել իմաստութեամբ, դիմելով գիւղացիներու ու ձկնորսներու աւանդական վարուելակերպին։

Սրբազան Քահանայապետը ապա անդրադարձաւ միջազգային հաստատութիւններուն պատասխանատուութեան` ըլլայ բնութեան, ըլլայ ամէն մէկ անհատի արժանապատուութեան նկատմամբ ու այս առընչութեամբ առաջարկեց ընտրութիւններ ու ներգործութիւններ կատարել, հաստատելով թէ ''որպէս Եկեղեցի բազմաթիւ անգամներ յիշեցուցինք թէ համաշխարհային արտադրումը կարող է սնունդ ապահովեցնել բոլորին, եթէ հաւասար ու արդար բաշխում մը կիրակուի''։

Ամէնքս հրաւիրուած ենք համագործակցելու սոյն ընթացքը փոխելու համար, քաղաքականութեան պատասխանատուներ, արտադրողներ, հողագործեր, ձկնորսներ ու անտարատնտեսութեամբ  զբաղողներ ու քաղաքացիներ, իւրաքանչիւրը իր պատասխանատուութեան համաձայն, սակայն ամէնքն ալ միենոյն նպատակով` կառուցել ազգերու ներքին կարգ ու միջազգային կարգ  կանխարգիլելու համար որ զարգացումը վերապահուի միայն քիչերուն ու արարչութեան բարիքները դառնան միայն հզօրներու ժառանգութիւն, հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը ու պատգամին աւարտին անդրադարձ  կատարեց Կլիմայական փոփոխութիւններու հայող յառաջիկայ հաւաքին որ տեղի պիտի ունենայ Մարաքէշի մէջ մաղթելով որ Փարիզի համաձայնագիրը չմնայ լոկ ''գեղեցիկ խօսքեր'' այլ վերածուի արի որոշումներու` որոնք կարող են զօրակցութիւնը դարձնել առաքինութիւն ու նաեւ տնտեսական գործունեայ տիպար­, ինչպէս նաեւ եղբայրութիւնը դառնայ ներքին ու միջազգային կառավարման չափանիշ։

Ասոնք մի քանի խորհրդածութիւններ են որ ցանկացայ ձեզի փոխանցել, որոնց ընդմէջէն կը յայտնաբերուին մտահոգութիւններ, մտավախութիւններ ու լարուածութիւններ յառաջացած նաեւ կլիմայի  փոփոխութիւններու պատճառաւ­, որ կը կշռէ մեր առօրեայի կենսապայմաններու վրայ  ու ամէն առաջ մեր եղբայրներու ու քոյրերու վրայ` որոնք առաւելապէս խոցելի ու մեկուսացուած են գրած է Սրբազան Քահանայապետը իր պատգամին մէջ զոր ապա եզրափակած է հայցելով որ  ''Ամենակալը օրհնէ ողջ մարդկութեան ծառայութեան ի սպաս անոնց տածած ջանքերը''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.