2016-10-14 13:55:00

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցագիրը Թայլանտի թագաւորի մահուան ի լուր


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 14 հոկտեմբերին, Թայլանտի թագաւորին մահուան ի լուր, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ցաւակցական հեռագիր յղեց Թայլանտի թագւարորութեան Վարչապետին՝ Տիար Փրայութ Շան օ Շանին, որուն մէջ իր խորին տխրութիւնը յայտնեց Թայլանտի թագաւորին մահուան համար, ինչպէս նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց Թագաւորական ընտանիքի անդամներուն եւ Թայլանտի համայն ժողովուրդին։

Սրբազան Հայրը ցաւակցագիրին մէջ ապահովցնելով իր աղօթքը Թայլանտի ժողովուրդին գրած է հետեւեալը. ''Կ՝աղօթեմ Աստուծոյ,  որ՝ որպէս  արդար տուրք ողորմած թագաւորին իմաստութեան, ուժականութեան եւ հաւատարմութեան ժառանգութեան,  համայն  թայլանտցիները կարենան աշխատիլ խաղաղութեան ուղիի զարգացման  համար''։

Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցագիրը աւարտած է Թագաւորին մահը  ողբացողներուն   շնորհելով  մխիթարութեան առաքելական  օրհնութիւններ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.