2016-10-14 10:27:00

Սուրիահայերու կողմէն առողջապահական խնդիրներով 3000 դիմում Սփիւռքի նախարարութեան։


2012-2016 թուականներուն ընթացքին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ` ՀՀ պետական մարմիններու, հայաստանեան կառոյցներու, համահայկական, միջազգային եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ համատեղ, իրականացուած են Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքով Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերու աջակցութեան եւ ընդելուզման տարբեր ծրագիրներ եւ ձեռնարկներ, լուծուած են անոնց համար կենսական նշանակութիւն ունեցող բազմաթիւ հարցեր:

2012-2016թուականներուն ընթացքին ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն առողջապահական խնդիրներով դիմած է շուրջ 3000 սուրիահայ: Սուրիահայերու առաջնային բուժսպասարկումը-համաբուժարաններու մէջ  բուժօգնութիւնը կը կազմակերպուի անվճար` ըստ փաստացի բնակութեան վայրի (տարածքային համաբուժարաններու եւ բժշկական առաջնային բուժսպասարկման կեդրոններուն մէջ): 2012-2016թթ. ընթացքին իրականացուած է 60-է աւելի սրտի եւ այլ բարդ վիրահատութիւն`  ՀՀ  առողջապահութեան նախարարութեան, «Հայաստան»  համահայկական  հիմնադրամի եւ «Առաքելութիւն Հայաստան» ԲՀԿ-ի (կ’աջակցի հիմնականին մէջ պետական պատուէրի ծիրէն ներս չընդգրկուած հետազօտութիւններու իրականացման, համավճարի տրամադրման, դեղօրայքի ձեռքբերման եւ այլ հարցերու), Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան եւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան աջակցութեամբ:

Հինգ տարիներուն ընթացքին 80-է  աւելի սուրիահայ բժիշկներ  տեղաւորուած են աշխատանքի Հայաստանի տարբեր բժշկական հաստատութիւններու մէջ, իսկ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան աջակցութեամբ 60-է աւելի սուրիահայ բժիշկներ մասնակցած են մասնագիտական վերապատրաստման դասընթացներու:








All the contents on this site are copyrighted ©.