2016-10-14 11:49:00

Յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին նիւթական օժանդակութիւն Հայիթի մէջ Մեթիու փոթորիկի զոհերուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական ՝՝Քոր Ունում՝՝  բարեգործական հաստատութիւնը,  ուրբաթ, 14 հոկտեմբեր 2016ին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 100,000 ամերիկեան տոլարով պիտի սատարէ  Հայիթին հարուածող Մեթիու Փոթորիկի թիրախ դարձած բնակչութեան շտապ օգնութեան համար, որպէս Ֆրանչիսկոս Պապի  հոգեւոր մօտիկութեան անմիջական  առաջին շօշափելի արտայայտութիւնը ու Հայրական քաջալերանք բնական աղէտի  թիրախ դարձած զոհերուն։

Հայիթի մէջ Պապական նուիրակի համագործակցութեամբ,  Փոթորիկէն ամենէն շատ տուժած թեմերուն տեղական եկեղեցիներուն միջոցաւ Ֆրանչիսկոս Պապի ուղարկած գումարը պիտի յատկացուի փոթորիկի թիրախ դարձած մարդոց խնամակալական աջակցութեան համար։

՝՝Քոր Ունում՝՝ բարեսիրական  քահանայապետական հաստատութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, թէ Ֆրանչիսկոս Պապի Հաիթի ժողովուրդին նիւթական օժանդակութիւնը մաս կը կազմէ  Կաթողիկէ եկեղեցիներու օժանդակութիւններու ծրագրին, որուն մաս կը կազմեն  զանազան Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասեր, ինչպէս նալւ Քարիթասի միջազգային կազմակերպութիւններ։     








All the contents on this site are copyrighted ©.