Շուէտի ակադեմիայի մնայուն քարտուղար Սարա Տանիուս յայտարարած է, որ գրականութեան 2016-ի Նոպելեան մրցանակը շնորհուած է 75 տարեկան ամերիկացի երաժիշտ, յօրինող եւ կատարող Պապ Տիլընի:
Ըստ անոր, Տիլըն պարգեւին արժանացած է «ամերիկեան երգի մեծ աւանդութեան մէջ բանաստեղծական կերպարներու ստեղծման» համար:
Տիլըն ծնած է 24 մայիս 1941-ին, Միացեալ Նահանգներու Մինըսոթա նահանգի Տուլութ քաղաքին մէջ: Երաժշտական գործունէութենէն բացի, ան նաեւ յայտնի է իբրեւ նկարիչ եւ դերասան:
2008-ին Տիլըն ստացած է ականաւոր «Փուլիցըր» մրցանակը: Ան նաեւ արժանացած է Պատուոյ լեգէոնի շքանշանի եւ Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն քաղաքացիական պարգեւներէն` Ազատութեան նախագահական մետալին
All the contents on this site are copyrighted ©. |