2016-10-13 12:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապին գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու 103-րդ միջազգային օրուան պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) 13 հոկտեմբեր 2016-ին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յառաջիկայ 15 յունուար 2017-ին նշուելիք գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու 103-րդ միջազգային օրուան պատգամը որուն բնաբանն է ՝՝Անչափահաս գաղթականներ,  խոցելի եւ առանց ձայնի՝՝։

Սրբազան Քահանայապետը պատգամին սկիզբը  կը մէջբերէ  աւետարանական հատուածը ուր գրուած է ''Ով որ իմ անունովս այս մանուկներէն միայն մէկը ընդունի, զիս կ՛ընդունի, եւ ով որ զիս կ՛ընդունի , զիս չէ որ կ՛ընդունի, այլ Ան որ զիս ղրկեց (Մարկ 9,37 - Մատթ 18,5; Ղուկ 9,48; Յովհ 13,20)։

''Այս խօսքերով Աւետարանիչները քրիստոնեայ հասարակութեան կը յիշեցնեն Յիսուսին ուսուցումը''կը գրէ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով թէ այս ասացուածքը հետքն է ամենապահով երթուղիին` որ կը տանի մինչեւ Աստուած, մեկնելով ամենափոքրերէն, ընկալումի ուժաբանութեան ընդմէջէն''։

Ընկալումը անհրաժեշտ պայման է որպէսզի այս ընթացքը իրականանայ։ Աստուած մարդացաւ ու Յիսուսի միջոցաւ դարձաւ մանուկ ու բացուածք` Աստուծոյ։ Սէր, յոյս ու հաւատք ներգրաւուած են ողորմածութեան ներգործութիւններու մէջ, ըլլան անոնք հոգեկան կամ մարմնական, կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ ինչպէս Աւետարանիչները յատուկօրէն կը նշեն պատասխանատուութիւնը անոնց որոնք ողորմածութեան հակառակ կ՛ընդանան ''Ով որ անկումի պատճառ ըլլայ, ինծի հաւատացող փոքրիկներէն մէկուն, նախընտրելի է անոր վիզէն երկանաքար մը կապել եւ գահավիժել զինք ծովուն անդունդը (Մատթ 18,6;  Մարկոս 9,42; Ղուկաս  17,2)։

''Գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու միջազգային օրուան առթիւ ուզեցի ուշադրութեան հրաւիրել անչափահաս գաղթականներու իրականութիւնը, յատկապէս անոնց որոնք միայնակ են, խրախուսելով խնամք տանիլ երախաներուն որոնք երեք անգամ աւելիով անպաշտպան են, որովհետեւ անչափահաս են, օտարական եւ անպաշտպան, երբ այլազան պատճառներու բերումով, ստիպուած են հեռու ապրիլ իրենց հայրենիքէն ու բաժնուած իրենց ընտանիքի գուրգուրանքէն'' նկատել կու տայ Սրբազան Պապը ընդգծելով թէ ''Գաղթականութիւնը այսօր չէ սահմանափակուած տիեզերքի որոշ շրջաններու, այլ կը հայի բոլոր ցամաքամասերու եւ դարձած է համաշխարհային երեւոյթ. այրեր, կիներ, ծերեր ու մանուկներ որոնք կը գաղթեն ոչ միայն աշխատանքի փնտռտուքի բերումով այլ որովհետեւ ստիպուած են թողուլ իրենց տուները իրենց կեանքը փրկելու, ապահովութեան ու խաղաղութեան փնտռտուքի յոյսով։ Եւ գաղթականութեան սուղ գինը վճարողներու առաջնահերթ կարգի վրայ կը մնան երախաները, որոնց  ժխտուած են յաճախ իրենց հիմնական իրաւունքները ու ենթարկուած են շահագործումի''  կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով երախաներու կարիքներուն եւ իրաւունքներուն ինչպէս` ապրիլ եւ աճիլ ընտանեկան  միջավայրի մէջ, ունենալ պատշաճ դաստիարակութեան իրաւունք, ապա ունենալ խաղալու ու զուարճանալու իրաւունք, ի վերջոյ ապրիլ որպէս մանուկներ''։

Գաղթականներու միջեւ անչափահասները ամենախոցելի անհատներ են որովհետեւ առանց ձայնի ու անտեսանելի են։ Անոնք առանց փաստաթուղթի` կը մնան անյայտ աշխարհին համար, Չափահասի մը պակասը անոնց մօտ, անոնց ձայնը անլսելի կը դարձնէ եւ ասոր համար անչափահաս այս գաղթականները մեծ դիւրութեամբ թիրախ կը դառնան մարդկային նուաստացուցիչ իրականութեան ուր անարդարութիւնն ու բռնութիւնը մէկ բոցով կը հրկիզեն բազմաթիւ անմեղներու ապագան։

''Ի՞նչպէս  դիմագրաւել այս իրականութիւնը'' հարց կու տայ Սրբազան Պապը ու կը պատասխանէ մի քանի թելադրանքներով որոնցմէ ամենէն առաջինը` գիտակցութիւնն է թէ գաղթականութեան երեւոյթը մաս կը կազմէ փրկագործութեան պատմութեան. ''սիրեցէք պանդուխտը` որովհետեւ դուք ալ պանդուխտ էիք եգիպտացիներու երկիրն մէջ''։

Եկեղեցին կը քաջալերէ այս իրականութեան մէջ տեսնելու ժամանակներու նշանը ու Աստուծոյ ծրագիրը­, այն վստահութեամբ թէ ոչ մէկը օտարական ու պանդուխտ է քրիստոնեայ հասարակութեան ներքոյ, որ կ՛ողջագուրէ ամէն ազգ, ցեղ, լեզու եւ ժողովուրդ''։

Ամէն մէկը արժէքաւոր է եւ անհատները աւելի կարեւոր են քան իրերը ու ամէն մէկ իշխանութեան արժէքին չափանիշը ի յայտ կու գայ` այն վարուելակերպէն որ վերապահուած է կեանքի ու մարդ էակի արժանապատուութեան, յատկապէս անոնց որոնք աւելիով խոցելի պայմաններու մէջ կ՛ապրին, ինչպէս է պարագան անչափահաս գաղթականներուն։

Հարկաւոր է ապա պաշտպանութիւնը գրած է Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դնելով անչափահաս մանուկ գաղթականներու ապահովութիւն ու պաշտպանութիւն երաշխաւորելու հարցին վրայ, ու այս առնչութեամբ անչափահասներու չարաշահումը կանխարգիլելու  հրամայականին  վրայ։

Պատգամի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յատուկ անդրադարձ կատարելով բարեգործական ու բարեսիրական այն եկեղեցական ու քաղաքացիական հաստատութիւններուն որոնք մեր յանձնառումով կը գործեն իր սպաս  մանուկներու պաշտպանութեան ի խնդիր կը քաջալերէ զանոնք գործելու նաեւ  հասարակութիւններու ներքոյ երախաներու ներգրաւումի հարցին ի խնդիր ու այս առնչութեամբ վերակոչելով չափահասներու պատասխանատուութիւնը ու պատշաճ քաղաքականութեան մը ներդումի հարկաւորութիւնը ի շահ պատանիներու արժէքաւոր բարիքին։

Գաղթականներու համաշխարհային օրուան առթիւ հրապարակած պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կ՛անդրադառնայ ապա հարցին վերաբերող մնայուն լուծումներու որոնումի ու անոնց կիրարկումի հարցի մասին շեշտելով թէ անչափահաս գաղթականներու հարցը պէտք է դիմագրաւուի արմատներէն։ Պատերազմ, մարդու իրաւունքներու խախտում, կաշառակերութիւն, աղքատութիւն, բանական աղէտներ մաս կը կազմն այդ հարցին ու մանուկները առաջին տառապողներն են ու յաճախ թիրախ են մարդկայնական բռնութիւններու որոնց կը հետեւ ապա բարոյական եւ հոգեբանական բռնութիւն որոնք անջնջելի հետքեր կը թողուն անոնց վրայ։

 

Բացարձակապէս անհրաժեշտ է առ այդ որ գաղթականութեան հարցը դիմագրաւուի գաղթականներու ծննդավայրերու մէջ եւ ասոր համար կարիքը կայ համայն միջազգային ընտանիքի յանձնառումին, կասեցնելու համար հակամարտութիւններու բռնութիւնները որոնք մարդիկը կը ստիպեն փախչիլ իրենց միջավայրէն։  Հարկաւոր է նաեւ ունենալ հեռատես տեսլական մը` որ կարող ըլլայ պատշաճ ծրագիրներ մշակելու ծանր անարդարութիւններու ու անկայունութեան թիրախ շրջաններու մէջ, որպէսզի բոլորին երաշխաւորուի իսկական զարգացում` ի սպաս մանուկներու բարիքին որոնք մարդկութեան յոյսն են։

Սրբազան Քահանայապետը պատգամին աւարտին յատուկ խօսք ուղղեց բոլոր անոնց որոնք կը զբաղին գաղթականութեան ճամբուն վրայ գտնուող մանուկներով,  հաստատելով թէ մանուկները կարիքը ունին անոնց օգնութեան ու եկեղեցին եւս կարիքը ունի անոնց վեհանձն ծառայութեան ու մօտիկ է անոնց։

''Մի յոգնիք քաջութեամբ ապրելու Աւետարանի բարի վկայութիւնը որ ձեզ կը հրաւիրէ ճանչնալու եւ ընկալելու Յիսուս` մեր Տէրը ամենափոքր ու խոցելի փոքրիկներուն մէջ'' կը գրէ Քահանայապետը պատգամին աւարտին ու կ՛եզրափակէ բոլոր գաղթական մանուկները,­ անոնց ընտանիքներն ու հասարակութիւնները ինչպէս նաեւ անոնց ընկերացողները վստահելով` Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքի հովանիին, որպէսզի հսկէ անոնց վրայ ու անոնց ընկերանայ ուղեւորութեան ընթացքին։

''Իմ աղօթքիս կը միացնեմ իմ առաքելական օրհնութիւնս'' կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը գաղթականութեան ու թափառաշրջիկութեան համաշխարհային 103-րդ օրուան առթիւ պատգամը աւարտելով։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.