2016-10-12 11:16:00

Ֆրանչիսկոս Պապի կոչը բնական աղէտներուն նուազեցման ի խնդիր


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 12 հոկտեմբերին հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ  կոչ ուղղեց համաշխարհային բնական աղէտներու նուազեցման ի խնդիր։

՝՝Վաղը՝ 13 հոկտեմբերին, կը  նշուի միջազգային բնական աղէտներու նուազեցման օրը, որ այս տարի ունի որպէս նիւթ, ՝՝նուագեցնել մահացութեան մակարդակը՝՝ - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։ 

Բնական աղէտները կարելի է կանխել կամ  ու առ նուազն սահմանափակել, որովհետեւ անոնց հետեւանքները յաճախ պայմանաւորուած են մարդու կողմէ բնապահպանութեան  խնամքի պակասէն։

Առ այդ՝ կը քաջալերեմ հեռատեսութեամբ միացնելու ի գործ դրուած ջանքերը ՝ մեր հասարակաց տան պահանումի ի խնդիր, զարգացնելով կանխատեսումի մշակոյթ մը, դիմելով նաեւ նոր գիտելիքներու ու նուազեցնելով վտանգները որոնց թիրախ են  անպաշտպան բնակչութիւնը։

 

 

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.