2016-10-12 10:21:00

Հրթիռակոծուած Է Հալէպի հայ Աւետարանական Բեթէլ երկրորդական վարժարանը


Երկուշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2016-ին,  առաւօտեան ժամը 5:00-ին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծած են Հալէպի Հայ աւետարանական Բեթէլ երկրորդական վարժարանը:

 Հրթիռը պայթած է նախքան վարժարանին վրայ իյնալը, ապա ինկած է վերնայարկի դասարաններէն մէկուն մէջ` պատճառ դառնալով նիւթական վնասներու:

Բարեբախտաբար այդ ժամերուն աշակերտները ներկայ չեն ըլլար դասարան: Մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:

 Պատասխանատու մարմինները դպրոցի վերանորոգման աշխատանքներուն ձեռնարկած են, դասաւանդութիւնը կը շարունակուի բնականոն ձեւով:








All the contents on this site are copyrighted ©.