2016-10-12 11:29:00

Հանդիսաւոր բացում Ս. Ստեփանոս Նախավկայ վանքի թանգարանին


 

Հինգշաբթի, 6 Հոկտեմբեր 2016ի երեկոյեան, հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ ձեռամբ Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ Արաքսի Ազատ գօտիի ընդհանուր կառավարիչ Արապպաղիի, հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս Նախավկայ վանքի նորաստեղծ թանգարանին:

Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին պետական ներկայացուցիչներ, Ազգային իշխանութեան եւ Ազգային վարչութեան անդամներ, Ատրպատականէն ու այլ շրջաններէ ժամանած հայորդիներ եւ օտար հիւրեր:

Վանքի տաճարի մուտքին նախ կատարուեցաւ հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը, որուն բացման խօսքը կատարեց Շերլի Աւետեան: Ան անդրադարձաւ Իրանի զբօսաշրջութեան վայրերու ցուցակին մէջ Ս. Ստեփանոս Նախավկայ վանքի ունեցած բացառիկ տեղին, եւ տարեկան դրութեամբ տասնեակ հազարներու հասնող այցելուներուն:

Խօսք առին Մշակութային ժառանգութիւններու պետական հիմնարկութեան պատասխանատուն եւ ընդհանուր կառավարիչ՝ Արապպաղին: Ան վեր առաւ հայ ժողովուրդի ստեղծագործ ոգին, որ Իսլամական Հանրապետութեան մէջ ո՛չ միայն ունի իր դարաւոր սրբավայրերը, այլեւ կ՛ապրի իր քրիստոնէական հաւատքով:

Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան խօսք առնելով, ողջունեց պետական եւ ազգային ներկայացուցիչները, որոնք նշանակալից այս օրուան համար իրենց ներկայութեամբ վկան կը հանդիսանային վանքի պատմութեան մէջ նոր էջ մը բանալու կարեւոր դէպքին: Սրբազանը պատմական ակնարկ կատարեց վանքի հարուստ անցեալին մասին: Յիշեց Սամուէլ Անեցիի պատմութեան մէջ 640 թուին յիշատակութիւնը, Մաղարթայ սարերուն վրայ գտնուող եկեղեցւոյ մասին, որ ակնարկութիւն էր Ս. Պետրոս-Պօղոս եկեղեցիին, որուն կողքին 10րդ դարուն կառուցուեր էր այս հոյակերտ տաճարը, աւելցնելով. «Այսօր այս տաճարը ո՛չ միայն հայերու, այլ իրանցի ժողովուրդին պարծանքն է, որովհետեւ օտարներ զայն դասած են աշխարհի 10 ամէնէն սիրուն եւ ճարտարապետական գոհար նկատուող եկեղեցիներու շարքին»:

Հանդիսութեան առաջին մասի աւարտէն ետք, ներկայ հրաւիրեալները տաճարի շրջափակէն միասնաբար ուղղուեցան նախկին Դպրեվանքի շրջափակը, եւ երկրորդ յարկը բարձրանալով, մուտք գործեցին նորաստեղծ թանգարանը, որ նախկին Դպրեվանքի սրահը, տեսչարանը եւ անոր նախամուտքն է, գեղեցկապէս բարեզարդուած ու շքեղ կերպարանք ստացած:

Մուտքին սրբազանը աղ ու հացի օրհնութիւնը կատարեց, որ հայկական աւանդական տարազ հագուած, ափսէի վրայ մատոյց փոքրիկն Էմելիա Աբրահամեան: Ապա սրբազանն ու կառավարիչը հատեցին մուտքին ամրացուած ժապաւէնը, ներկաներուն հետ միասին մտնելով թանգարան:

Դպրեվանքի նախկին տեսչարանը վերանորոգուելով փոխակերպուած էր ցուցասրահի, ուր զետեղուած էին Ատրպատականի Հայոց թեմի վանքերուն եւ եկեղեցիներէն ոմանց մանրակերտները, որոնք իրականացուած էին Թաւրիզի Արուեստից համալսարանի ուսանողներուն ձեռամբ: Անոնց շարքին էին Ս. Թադէն, Ս. Ստեփանոսը, Ծործորի Ս. Աստուածածինը, ինչպէս նաեւ Հովուի մատուռն ու Դարաշամբ գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին: Սոյն ցուցասրահի մուտքի բաժինը եւս թանգարանային հատուածի վերածուած է, ուր զետեղուած են վանքի շրջափակէն յայտնաբերուած հսկայ կուժեր, խաչքարերու մեծ բեկորներ, սիւներ եւ քանդակազարդ քարաբեկորներ: Իսկ թանգարանի պատուհաններու խոռոչներուն մէջ, դուրսի կողմէն, յատուկ յենակներու առջեւ զետեղուած էին հնագիտական մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող մանրաքանդակ խաչքարեր, որոնք թէպէտ մասամբ մաշած ու վիրաւոր, սակայն տակաւին կը պահեն հրաշալի արուեստի գործեր ըլլալու իրենց հմայքը:

Բացման հանդիսութեան աւարտին, ներկաները վանքի շրջափակի վարդաստանի միջավայրին մէջ ընթրեցին:








All the contents on this site are copyrighted ©.