2016-10-12 10:33:00

Գերապայծառ Աուտօ. ''Սուրիոյ Ժողովուրդը պէտք ունի խաղաղութեան եւ արժանապատուութեան''։


(Ռատիօ Վատիկան) «Հալէպի մէջ կատարուած անխնայ վայրագութիւնը պէտք է վերջ գտնէ։ Հալէպի Ժողովուրդը կարիքն ունին անմիջական զինադադարի։» Այսպէս յայտարարած է Միջազգային Քարիթասի ընդհանուր քարտուղար՝ Մայքլ Ռոյ։ Ան կը կրկնէ, թէ 275 հազարէ աւելի անհատներ օրական ռմբակոծումներու ենթարկուած են՝ քաղաքի արեւելեան կողմին մէջ, մինչ 100 հազար երեխաներ փակուած են ապստամբներու ենթակայ շրջանին մէջ, եւ ստիպուած են դիմագրաւելու մարդկային աղէտ մը։ Հիւանդանոցներ եւ բուժարաններ կʼապրին ճգնաժամային վիճակ՝ դեղորայքի, առողջապահական անձնակազմի, վիրաւորները խնամելու տարածքի բացակայութեամբ, եւ սնունդի պակասով։

Ասոր համար, Մայքլ Ռոյ կը շեշտէ, որ երաշխաւորուի ապահով եւ ամբողջական անցք մը՝ առանց խոչընդոտելու մարդասիրական կազմակերպութիւնները, եւ դուրս բերուին հարիւրաւոր վիրաւորները՝ զանոնք խնամելու համար։ Ազգային հիւանդանոցներու երկու երրորդը այլեւս չեն գործեր՝ օդային յարձակումներու պատճառով, կը պակսի դեղորայքի 95 տոկոսը, եւ ժողովուրդի  մեծամասնութիւն կտրուած է ջուրի, սնունդի, ելեկտրական հոսանքի եւ դեղորայքի մատակարարումէն։ Յայտարարութիւնը կ՛եզրափակէ, Հալէպի Քաղդէացիներու եպիսկոպոս եւ Սուրիոյ Քարիթասի Նախագահ Գերապայծառ Անթուան Աուտոյի կոչով՝ «Սուրիոյ Ժողովուրդը պէտք ունի խաղաղութեան եւ արժանապատուութեան»։








All the contents on this site are copyrighted ©.