2016-10-11 13:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 11 հոկտեմբերի քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 11 հոկտեմբերի առաւօտեան քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանեց օրուան Սուրբ Աւետարանի խօսքերը, ուր Ղուկաս Աւետարանիչ կը պատմէ Յիսուսի ընդունած հրաւէրի մասին՝ փարիսեցիի մը մօտ (Ղուկ ԺԱ. 37-41)։

Յիսուս կը քննադատէ փարիսեցիները, ըսելով՝ «Դուք փարիսեցիներդ կը մաքրէք բաժակին եւ ամանին արտաքինը, սակայն ձեր ներսը լի է ագահութեամբ եւ չարութեամբ»։ Սրբազան Հայրը նկատեց, թէ Յիսուս շատ անգամ կը կրկնէ այս քննադատութիւնը, յանդիմանելով դիմացինները անոնց չարութեան համար, զանոնք նկատելով իբր գերի, որովհետեւ չեն ընդունած այն արդարութիւնը, որ կու գայ Աստուծոյ կողմէ, եւ չունին ներքին ազատութիւնը։ Այն ներքին ազատութիւնը, որ բարիքը կը գործէ ծածուկ կերպով, առանց փող հնչեցնելու։

Կրօնքի իսկական ճանապարհը՝ Յիսուսի ճանապարհն է, կատարուած խոնարհութեամբ եւ խոնարհեցումով, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։ Պօղոս Առաքեալ, Փիլիպպեցիներու ուղղած նամակին մէջ կը գրէ, թէ Յիսուս ինքզինք խոնարհեցուց։ Այդ միակ ճամբան է՝ մեր մէջէն վանելու անձնասիրութիւնը, ագահութիւնը, ամբարտաւանութիւնը, ունայնամտութիւնը եւ աշխարհիկ հոգին։ Մինչ ընդհակառակը՝ փարիսեցիները կը հետեւէին դիմահարդարուած կրօնքի մը։ Երեւո՛յթն էր կարեւոր անոնց համար, սակայն ներքինը պիղծ էր։ Յիսուս շատ խիստ նմանութիւն մը կը գործածէ անոնց նկատմամբ՝ «կը նմանիք ճերմկցուած գերեզմաններու, արտաքսապէս գեղեցիկ, սակայն ներսը լի ոսկորներով եւ փտութեամբ»։

Քարոզի աւարտին Սրբազան Պապը յորոդորեց որ աղօթենք Աստուծոյ, ընթանալու Յիսուսի ցոյց տուած ճամբէն՝ առանց յոգնելու. գործելու բարին՝ անշահախնդիր կերպով, այնպէս ինչպէս ձրիատուր պարգեւ է մեր ներքին ազատութիւնը։ «Թո՛ղ Աստուած Իր շնորհքով պահպանէ մեր բոլորի ներքին ազատութիւնը։»








All the contents on this site are copyrighted ©.