2016-10-11 12:47:00

Մեքսիքոյի մէջ աղօթք քահանաներուն սպանութենէն ետք


(Ռատիօ Վատիկան) Մեքսիքոյի մէջ քահանաներու սպանութենէն ետք, Մեքսիքոյի Փափանթլթա թեմի եպիսկոպոս` Գերապայծառ Խօսէ Թրինիտատ Զափաթա Օրթիզ, կոչ ուղղած է հաւատացեալներուն դարձի գալու եւ աղօթք կատարելու։

Ան հրաւիրած է հաւատացեալները աղօթելու՝ ոչ միայն Մեքսիքոյի խաղաղութեան համար այլ համայն աշխարհին խաղաղութեան համար, նկատել տալով որ Մեքսիքոյին մէջ բռնութիւնը աճած է ընկերութեան մէջ  կաշառակերութիւնը  արմատացումի  պատճառաւ ։  

Ինչ կը վերաբերի երկրի  բարոյական հարցերուն ու անոնց լուծումին`  Գերպայծառը Մեքսիքոյի իշխանութիւնները յորդորած է ուժգին պայքար մղել բռնութեան դէմ, ՝՝որովհետեւ եթէ մարդ էակները եւ անոնց իրաւունքները չի յարգուին եւ Աստուծոյ տեղ չի տրուի ընկերութեան մէջ, կարելի չէ փոխել ներկայ կացութիւնը>> դիտել տուած է առաջնորդը ապա աւելցուցած է  ՝՝Կառուցել աշխարհ մը առանց Աստուծոյ, կը նշանակէ ընթանալ մահուան եւ քանդումի երկար ուղիին վրայ՝՝։  

Փափանթլայի եպիսկոպոսը ապա յորդորած է հաւատացեալները որ վարդարան աղօթեն՝ ուր որ ալ գտնուին , հայցելու համար Տիրամայրէն խաղաղութեան պարգեւը։

Ան քաջալերած է որ դպրոցներն ու ընտանիքները դառնան աղօթքի եւ հաղորդութեան դպրոցներ, ուր կարելի է երիտասարդներուն կիրարկել կեանքի օրինակ՝ հիմնուած մարդոց եւ քրիստոնեաներուն արժանիքներուն վրայ։

Յիշենք թէ , 2016 թուականին  միայն սեպտեմբեր ամսոյն ընացցքին Մեքսիքոյի մէջ սպաննուեցան երեք քահանաներ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.