2016-10-11 09:33:00

Մեսրոպեանը կը գործակցի THE LITTLE ENGINEER կազմակերպութեան հետ


Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը այս տարեշրջանին կը սկսի գործադրել աշակերտներու գիտական զարգացման ծրագիր մը, հանրայայտ The Little Engineer կազմակերպութեան հետ գործակցաբար:

Սոյն ծրագրին մասնակից աշակերտները պիտի սորվին օգտագործել արհեստագիտական նորագոյն միջոցներ եւ անոնցմով պիտի պատրաստեն տարբեր արտադրութիւններ: Անոնք պիտի կազմեն մարդամեքենաներ (robotic), պիտի կատարեն եռաչափ տպագրութիւն (3D printing), պիտի սորվին համակարգչային ծրագրաւորման լեզուներ (Coding)  եւ պիտի իրականացնեն զանազան այլ գիտափորձեր՝ մաթեմաթիքսի, ճարտարագիտութեան, վերարտադրուող ուժանիւթի, էլեքթրոնիքսի եւ այլ ուղղութիւններով:

Ծրագիրը առայժմ ներառնուած է Մեսրոպեանի շաբաթաբերջի արտադասարանային աշխատանքներուն մէջ, որոնց աշակերտները կրնան մասնակցիլ տարիքային չորս տարբեր խումբերու մէջ՝ 6էն մինչեւ 18 տարեկան: Հետագային նախատեսուած է վարժարանին մէջ հաստատել աշակերտական առանձին ակումբ մը, որուն  անդամները պիտի հետեւին դասընթացքներու՝ The Little Engineer կազմակերպութեան մասնագէտներու հսկողութեան տակ: Նոյնպէս նախատեսուած է գիտելիքներու կարեւորագոյն բաղադրամասերը ներառնել կրթական ընդհանուր ծրագրին մէջ:

10 Հոկտեմբեր 2016-ին, The Little Engineer կազմակերպութեան մասնագէտները այցելեցին Մեսրոպեան վարժարան եւ հանդիպում ունենալով աշակերտներուն հետ, անոնց ներկայացուցին այն տարբեր աշխատանքները, որոնք պիտի կատարուին նշեալ ծրագրով: Արտադասարանային միւս աշխատանքներուն պէս, The Little Engineer-ի դասընթացքը պիտի սկսի յառաջիկայ շաբաթավերջին:

Տեղեկատուական գրասենեակ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 








All the contents on this site are copyrighted ©.