2016-10-11 10:08:00

Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Ժողովներու Խորհուրդի տարեկան 45րդ համահաւաքը


(Ռատիօ Վատիկան) Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Ժողովներու Խորհուրդի տարեկան 45րդ համահաւաք հանդիպումը կատարուեցաւ տարւոյս 6-9 հոկտեմբերին, Մոնաքոյի Իշխանութեան մէջ։ Հանդիպումը կատարուած է եղբայրական մթնոլորտի մէջ, եւ ցամաքամասի ժողովուրդներուն հանդէպ ցուցաբերուած հովուական սիրով։ Այս առիթով ներկայացուած են տեղեկատուութիւններ զանազան մարզերէ, եւ հաստատուած են ծրագիրներ։

Եպիսկոպոսները վերահաստատած են նոր ճանապարհներու մասին մտածելու իրենց յաձնառութիւնը, ուր պէտք է ընթանալ՝ կարենալ ուղիղ գնահատանք տալու ներկայի ընկերային եւ եկեղեցական զանազան իրականութիւններուն։

Նկատի առնելով գալիք ընդհանուր սիւնհոդոսը, Եպիսկոպոսական ժողովներու նախագահները որոշած են աշխատանքի յաջորդ հանգրուանները նուիրել երիտասարդներու հովուականին։ Այս առիթով, 2016-2021 տարիներու համար, ընտրուած է Եւրոպայի Եպիսկոպոսական Ժողովներու Խորհուրդի նոր նախագահը, Կարդինալ Անճելօ Պանեասքօ, Ճենովայի Արքեպիսկոպոս եւ Նախագահ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Ժողովին։ Փոխ նախագահներու պաշտօնը պիտի վարեն Ուսեսթմինսթըրի Արքեպիսկոպոս եւ Անգլիոյ եւ Ուեյլսի Եպիսկոպոսական Ժողովի Նախագահ՝ Կարդինալ Վինսընթ Նիքըլս եւ Բոզնանի Արքեպիսկոպոս Սթանիսլաւ Կատեքի, Նախագահ Լեհաստանի Եպիկոպոսական Ժողովին։ Ցարդ Խորհուրդի նախագահութիւնը կը Վարէր Կարդինալ Փեթեր Էրտէօ, Արքեպիսկոպոս Էսթերկոմ-Պուտափեշտի։

Այս հանդիպումի ժամանակ քննարկուած են ներկան յուզող խնդիրներ, ինչպէս՝ Խորհուրդի առաքելութիւնը Եւրոպայի մէջ. քրիստոնեաներու վիճակը աշխարհի շուրջ՝ եւ յատկապէս Սուրբ Երկրին մէջ. եւ Ուղղափառ Եկեղեցիներու հետ յարաբերութիւնները։ Բանակցութիւններուն ներկայ գտնուած են նաեւ ափրիկեան, լատին ամերիկեան, ասիական եւ ովկիանեան եկեղեցական ներկայացուցիչներ։ Եպիսկոպոսները աղօթքի կարճ պահ մը կատարած են Նիսի մէջ՝ ի յիշատակ տարւոյս 14 յուլիսի ահաբեկչութեան զոհերուն։

Աշխատանքները աւարտած են աշխարհի եւ Եւրոպայի մէջ քրիստոնեաներու դէմ կատարուած հալածանքներու, անհանդրուժողականութեան եւ խտռականութեան դատապարտումի ուժեղ յայտարարութեամբ։ Հանդիպումի ընթացքին կատարուած է նաեւ ընդունելութիւն եւ ունկնդրութիւն Մոնաքոյի Իշխան Ալպեր Բ.ի հետ։ Եւրոպայ Եպիսկոպոսական Ժողովներու Խորհուրդի յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Մինսքի մէջ, 2017ի 28 սեպտեմբերէն մինչեւ 1 հոկտեմբեր, Պելառուսիոյ Եպիսկոպոսական Ժողովի նախագահ, Արքեպիսկոպոս Թատէուս Քոնտրուսիեւիչի հրաւէրով։

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.