2016-10-11 10:31:00

«Թրքական Հոսք»-ին վերաբերեալ ռուս-թրքական համաձայնագիր


Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարարները «Թրքական հոսք» կազատարի կառուցման վերաբերեալ միջկառավարական համաձայնագիր ստորագրած են:

Համաձայնագիրի ստորագրումը տեղի ունեցաւ երէկ Պոլսոյ մէջ, ուր նախապէս բանակցութիւններ տեղի ունեցած էին երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ:

«Կազփրոմ» ընկերութեան ղեկավար Ալեքսէյ Միլլեր նախապէս յայտարարած էր, որ համաձայնագիրը կ՛ենթադրէ կառուցումը Սեւ ծովու յատակով անցնող կազատարի երկու գիծերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի ունենայ տարեկան 15,75 միլիառ խորանարդ մեթր կազ մատակարարելու հզօրութիւն: Կազատարի կառուցման աւարտը նախատեսուած է 2019-ի վերջաւորութեան:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Էրտողան յայտարարեց, որ «Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կ’ընթանայ արագ կշռոյթով»` աւելցնելով, որ իրենք երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ցուցմունք տուած են յառաջիկայ տարուան սկիզբը նոր հանդիպում մը պատրաստելու:

Փութին իր կարգին յայտարարեց. «Ռուսական կառավարութիւնը այսօր որոշեց թրքական արտադրութիւններուն դէմ հաստատուած արգելքը վերցնել»:

«Կարծիքներ եւ գաղափարներ փոխանակեցինք երկու երկիրները հետաքրքրող բազմաթիւ հարցերու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ որոշեցինք յարաբերութիւններու բնականոնացումը շարունակել», ըսաւ ան:








All the contents on this site are copyrighted ©.