2016-10-10 09:55:00

Հայ ժողովուրդը Հալէպի մէջ կը շարունակէ իր ազգային-եկեղեցական կեանքը


Նամակ՝ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ.Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանէն Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Հալէպ, 9 Հոկտեմբեր 2016

Նորին Ս. Օծութիւն
Տ. Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Անթիլիաս

Վեհափառ Տէր,
Առաջին հերթին մեր Թեմի Ազգային Վարչութեան եւ համայնքի պատասխանատու մարմիններուն անունով մեր ջերմ շնորհակալութիւնը կը յայտնենք Ձեզի, որ ինչպէս սուրիական տագնապի ամբողջ շրջանին, վերջին այս ծանր օրերուն եւս, հակառակ Ձեր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի հովուապետական այցելութեան խճողուած ծրագրին, յաճախակի առիթներով կապ պահեցիք մեզի հետ, որպէսզի մօտէն իրազեկ դառնաք ստեղծուած կացութեան, մեր ժողովուրդին դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ ձեր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեցիք՝ յոյս ներշնչելով մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ինչպէս նաեւ մեր ընտանիքներու ապահովութեան հսկող կամաւոր տղոց։
Ձեզի կ’ուզենք վստահեցնել, որ հակառակ վերջին օրերուն մեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, մեր ունեցած զոհերուն եւ նիւթական վնասներուն, մեր ժողովուրդը Հալէպի մէջ, առաւել քան երբեք, կը մնայ ամրօրէն կապուած իր եկեղեցական ու կրօնական կառոյցներուն ու համախմբուած անոնց շուրջ կը շարունակէ իր ազգային-եկեղեցական կեանքը։

Մենք վստահ ենք, որ Ձեր ճամբով Սուրիոյ հայութեան մեր ժողովուրդի զաւակներուն զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը պիտի շարունակուի, որպէսզի մենք կարենանք ո՛չ միայն յաղթահարել ներկայ դժուարութիւնները, այլ միասնական ճիգով ու նուիրումով լծուիլ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն։

Անգամ մը եւս Ձեզի կը յայտնենք մեր որդիական շնորհակալութիւնը եւ կ’աղօթենք, որ յաջողութեամբ պսակուի Ձեր հովուապետական այցելութիւնը։ Թող որ Աստուած Ձեզի պարգեւէ ուժ, կորով եւ առողջութիւն ընդ երկար հովուելու Ձեր հօտի զաւակները։

Մատչելով ի համբոյր Ձերդ Օծեալ Ս. Աջոյն,

Որդիաբար՝

Շահան Արք. Սարգիսեան
Առաջնորդ Հայոց Բերիոյ Թեմին








All the contents on this site are copyrighted ©.