2016-10-10 09:37:00

Երուսաղէմի մէջ հրացանաձգութիւն


«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան ոստիկանութիւնը յայտնած է, թէ անցորդ մը եւ ոստիկան մը սպաննուած են, երբ պաղեստինցի զինեալ մը Երուսաղէմի մէջ իր ինքնաշարժէն կրակ բացած է: Արձանագրուած են նաեւ վեց վիրաւորներ:

Պաղեստինցի զինեալ մը կրակ բացած է փոխադրակառքերու կեդրոնի մը դէմ, ապա ինքնաշարժով հեռացած: Ան դարձեալ կանգնած է եւ կրակ բացած, երբ ոստիկանութիւնը զինք հետապնդած է: Սպաննուելէ առաջ ան յաջողած է սպաննել ոստիկանութեան մասնայատուկ ուժերու անդամ մը:

Ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ յարձակում գործողը Արեւելեան Երուսաղէմի պաղեստինցի բնակիչներէն է:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու գովեց «իսրայէլեան ոստիկանութեան շատ արագ, շատ վճռական քայլը»:

Պաղեստինեան շարժումները իրենց կարգին ողջունեցին 39-ամեայ Միսպահ Ապուսպիհի կատարած գործողութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.