2016-10-09 12:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտարարեց 17 նոր Կարդինալներու նշանակումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի  9 հոկտեմբեր 2016-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մատուցած Մարեմեան Յոբելեանի եզրափակիչ սուրբ պատարագի աւարտին Կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքը արտասանելէ ետք, Սրբազան Քահանայապետը յայտարարեց թէ յառաջիկայ 19 նոյեմբեր 2016-ին Ողորմութեան Յոբելեանի Սուրբ դրան փակումի արարողութեան նախօրեակին, կարդինալական ժողով մը պիտի գումարէ որուն ընթացքին 13 նոր կարդինալներ պիտի նշանակէ, որոնք մաս կը կազմեն հինգ ցամաքամասերու եւ կը պատկանին 11 երկիրներու, եւ այս ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը կը յայտնէ եկեղեցւոյ տիեզերականութիւնը ու անոր առաքելութիւնը Բարի Աւետիսը տանելու համայն աշխարհ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յայտնեց թէ յաջորդ օր` կիրակի 20 նոյեմբերին, նոր կարդինալներու հետ միասին պիտի մատուցէ Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ եզրափակիչ սուրբ պատարագը։

Ան ապա մէկիկ մէկիկ հռչակեց նոր կարդինալներու անունները որոնցմէ առաջիին էր Սուրիոյ մօտ Առաքելական նուիրակ գերապայծառ Մարիօ Զենարի որ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը կատարել սիրուած ու նահատակ սուրիոյ մէջ, Գերապայծառ Տիէօտոննէ Նզապալայնկա` Կեդրոնական Ափրիկէի մայրաքաղաք՝ Պանկիի առաջնորդ. Գերապայծառ  Քարլոս  Օզորօ Սիերրա` մատրիտի Արքեպիսկոպոս. Գերապայծառ Սերճօ Տա Ռոքա` Պրազիլիայի Արքեպիսկոպոս. Գերապայծառ Պլազէ Քուփիխ` Շիքակոյի Արքեպիսկոպոս, Գերապայծառ Փաթրիք Տ Ռոզարիօ` Պանկլատէշի Տհաքքայի Արքեպիսկոպոս, Գերապայծառ Պալթազար Փորրաս Քարտոզօ` Վենեզուելլայի Մերիտա թեմին Արքեպիսկոպոս, Գերապայծառ Ժոզէֆ Տէ Քեզել Պելկիոյ Մալին-Պրիւքսելի Արքեպիսկոպոս, Գերապայծառ Մորիս Փիաթ Մաուրիցիուս  կղզիի  Փոր  Լուիս-ի Արքեպիսկոպոս, Գերապայծառ Քեվին Ժոզէֆ Ֆարրել, աշխարհականներու, ընտանիքի ու կեանքի համաժողովի կառավարիչ, Գերապայծառ Քարլոս Ակիրա Ռեթէս` Մեսսիքօ Թլալնեփանթլայի Արքեպիսկոպոս, Գերապայծառ Ժոն Ռիպաթ Նոր Կինէայի Փորթ Մորեսպիի Արքեպիսկոպոս, Գերապայծառ Ժոզէֆ Ուիլլիամ Թոպին, ԱՄՆ-ի Ինտանափոլիս թեմի Արքեպիսկոպոս։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կարդինալական տիտղոս առաջարկեց  երկու վաստակաւոր Արքեպիսկոպոսներու ու մէկ եպիսկոպոսի որոնք յատուկ նուիրումով կատարեցին իրենց հովուական առաքելութիւնը ինչպէս նաեւ մէկ Քահանայի մը որ իր առաքելութեամբ քրիստոնէական յստակ վկայութիւն ընծայեց շուրջիններուն։

Գերապայծառ Անթոնի Սոթեր ֆերնանտէզ Մալաիզիաի երբեմնի Արքեպիսկոպոս, գերապայծառ Ռենաթօ Քորթի Իտալիոյ Նովարա քաղաքի երբեմնի Արքեպիսկոպոս, գերապայծառ Սեպասթեան Քոթօ Քոարայ Լեզոթօ հանրապետութեան Մոհալէս Հոէք թեմի երբեմնի եպիսկոպոս, եւ Հայր Էրնեսթ Սիմոնի­ Ալպանիայի Սքութարի թեմի թեմական վարդապետ։

Սրբազան Քահանայապետը բոլոր հաւատացեալներէն խնդրեց որ աղօթեն նոր անուանուած կարդինալներուն համար, որպէսզի վերահաստատելով իրենց յարումը Քրիստոսի որ է ողորմած, հաւատարիմ ու Աւագ Քահանայ, օգնեն իրեն Հռոմի եպիսկոպոսի պաշտօնին մէջ ու հանդիսանան սկզբունք ու մշտական եւ տեսանելի հիմքը հաւատքի միասնութեան ու հաղորդութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.