2016-10-08 18:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը ''Մարեմեան Յոբելեանի'' աղօթքի հսկումի առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան արտակարգ սուրբ տարուայ ծիրէն ներս Մարեմեան Յոբելեանի նշումին առթիւ շաբաթ` 8 հոկտեմբերի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորեց Մարեմեան Յոբելեանի աղօթքի հսկումը­, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ մատնանշեց հսկումի ընթացքին վարդարանի աղօթքի խորհուրդներուն ու այդ խորհուրդներու ընթացքին արտասանուած  դիտաւորութիւններուն որոնք ակնարկ են` Յիսուսին ու Մարիամի կեանքի հիմնական պահերուն, սկսեալ Յարութենէն`  որ է նշան Հօր անհուն սիրոյն։ Ապա  համբարձումը որպէս Հօր Աստուծոյ փառքի բաժնեկցութիւն ուր մեր մարդկութիւնը եւս ունի յատուկ տեղ, ապա Հոգեգալուստը որպէս պատմութեան մէջ Եկեղեցւոյ առաքելութեան արտայայտութիւն, Սուրբ Հոգւոյն առաջնորդութեամբ։

''Հուսկ երկու վերջին խորհուրդներու մէջ խոկացինք Սուրբ Կողս Մարիամի մասին երկնքի փառքին մէջ, որ առաջին դարերէ ի վեր նկատուած է միշտ Մայր Ողորմութեան'' ըսաւ Սրբազան Պապը ու նշեց թէ Վարդարանի աղօթքը եղած է Աստուծոյ ողորմութեան պատմութեան համադրումը որ կը դառնայ փրկագործութեան պատմութիւն, բոլոր անոնց համար որոնք թոյլ կու տան ձեւաւորուիլ անոր շնորհքէն։ 

''Յիսուսի կեանքի մասին խոկումով եւ աղօթքով մենք կը վերագտնենք ողորմած դիմագիծը որ մեզի կ՛ընկերանայ կեանքի զանազան պահերու ընթացքին ու այս ուղեւորութեան ուղեցոյցը Մարիամն է որ մեզի ցոյց կու տայ ճանապարհը որուն վրայէն պէտք ենք քալել'' ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով թէ Սուրբ Վարդարանի աղօթքը մեզ չի հեռացներ կեանքի մտահոգութիւններէն, այլ ընդհակառակը մեզմէ կը խնդրէ մխրճուիլ ամէնօրեայ պատմութեան մէջ այնեղէն քաղելու համար Քրիստոսի ներկայութիւնը մեր մէջ։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց թէ Մարիամ մեզի թոյլ կու տայ հասկնալ թէ ինչ ըսել է Քրիստոսի աշակերտել։ Ան եղաւ առաջինը որ ունկնդրեց Աստուծոյ կոչը թէեւ բաւարար չէ միայն ունկնդրել ու այդ ունկնդրութիւնը պէտք է թարգմանուի ներգործութեան։ Աշակերտը արդարեւ իր կեանքը կը դնէ Աւետարանի ծառայութեան ի սպաս, այնպէս ինչպէս ըրաւ Մարիամ երբ փութաց Եղիսաբեթի մօտ անոր օգնութեան հասնելու համար։ Բեթղեհէմի մէջ աշխարհին պարգեւեց Աստուծոյ Որդին։ Կանայի մէջ խնամք տարաւ երիտասարդ ամուսնացեալ զոյգին, Գողգոթայի վրայ ետ չի քաշուեցաւ ցաւին դիմաց ու մնաց Յիսուսի Խաչին ոտքին ու իր կամքով դարձաւ Մայր Եկեղեցւոյ։ Յարութենէն ետք խրախուսեց առաքեալները որոնք վերնատան մէջ կը սպասէին Սուրբ Հոգիին, որ զանոնք դարձուց Աւետարանի արի ջատագովներ։

Իր բոլոր կեանքին մէջ Մարիամ իրականացուց այն ինչ որ խնդրուած է Եկեղեցիէն։ Մարիամ արդարեւ գիտցաւ արտայայտել աստուածային ողորմածութիւնը որ ընդառաջ կ՛երթայ առօրեայ պահանջներուն։

Աղերս բարձրացնենք այս գիշեր մեր երկնքի քնքուշ Մօր, աղերս բարձրացնենք այն գիտակցութեամբ թէ Ան մեզի օգնութեան կը հասնի իր մայրական ողորմածութեամբ­, որպէսզի Ան` ''Փառաւորուած եւ օրհնուած'', կարենայ դառնալ պաշտպանութիւն, օգնութիւն եւ օրհնութիւն` մեր կեանքի ամէն մէկ օրուան համար։

 ''Քու հովանիիդ տակ կ՛ապաւինինք Մայր Աստուծոյ. մի արհամարհեր մեր խնդրանքները, որ կը գտնուինք դժուարութեան մէջ, ու մեզ ազատէ ամէն չարէ ով Կոյս փառաւորուած եւ օրհնուած''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.