2016-10-08 15:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատկերասփռուած պատգամը ՝՝Մանոս Ապիերթաս՝՝ ընկերակցութեան հաւաքի մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) 7-էն 9 հոկտեմբեր 2016-ին, Արժանթինի Սանթա Ֆէ  քաղաքին մէջ ընթացք առած է ՝՝Մանոս Ապիերթաս՝՝ ընկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած հաւաքը։

՝Յիշեալ  ընկերակցութիւնը  Արժանթինի կամաւոր երիտասարդներու կազմակերպութիւն մըն է, որ հիմնուած է Պուենոս Այրեսի արուարձաններուն մէջ՝ 1992-ին, ներշնչուած Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Անժել Ռոսսիի  ՝՝Սիրել ու ծառայել կարգախօսէն՝՝։ 

Ընկերակցութեան  նպատակն է ծառայել, զարգացնել եւ  արժանապատուութիւն վերադարձնել ամէնէն  շատ կարիքաւորներուն։

Շաբաթ, 8 հոկտեմբերի, յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց վերոյիշեալ ազգային բարեսիրական ընկերակցութեան հաւաքին մասնակիցներուն, որուն սկիզբը անդրադառնալով  հաւաքի՝՝ ՝՝Ողորմածութիւնը, ճամբորդութիւն՝ սրտէն  դէպի ձեռք ՝՝ նիւթին­­,   յիշեց Աւետարանէն երկու դէպքեր, առաջին՝ բարի Սամարացին, որ  ճանապարհին վրայ կը հանդիպի մարդու մը,  կը գթայ անոր վրայ , կ՝իջնէ ձիու վրայէն եւ կը խնամէ զինքը։  Այս առումով Սրբազան Հայրը ըսաւ ՝՝ Սրտի գութն է որ բարի Սամարացին  մղեց ձեռքով բան մը գործելու ՝՝  ապա անցաւ Աւետարանի  մէջ պատմուած երկրորդ դէպքին՝ Յիսուսի մասին, որ Նաին քաղաքի մօտակայքը  կը տեսնէ այրի կնոջ զաւակին յուղարկաւորութեան թափօրը, Ֆրանչիսկոս Պապ հոս եւս դիտել տուաւ ,որ Յիսուս գթալով մինակ մնացած մօր վրայ,  սիրտէն դէպի ձեռք անցաւ ու  հրաշք կատարեց յարութիւն տալով մեռած երիտասարդին։ ՝՝Այսպէս է Յիսուս , այսպէս կ՝ուսուցանէ մեզի աւետարանը. գործ մը կատարելու համար,  նախ պէտք է բխի սրտէն''  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով  որ ըլլայ բարի Սամարացիին ըլլայ Յիսուսին սիրտը, շարժուեցան թշուառութեան ի տես,  այրի կնոջ թշուառութիւնը, գետին ինկած երիտասարդին թշուառութիւնը, որ տեսաւ բարի Սամարացին։

 Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ ողորմածութեան եւ ցաւ զգալու տարբերութեան մասին։

՝՝Երբ որ սիրտը կը միանայ ուրիշին թշուառութեան, այն ժամանակն է որ ան ողորմածութիւն կը դառնայ։ Ողորմածութիւնը  տարբեր է ցաւ զգալէն,    զգացում մըն է ինչպէս ցաւ կրնանք  զգալ անասունի մը նկատմամբ, բայց այս մէկը ողորմածութիւն չէ, ողորմածութիւն կը դառնայ  երբ ուրիշին թշուառութիւնը կը դպչի մեր սրտին ըսաւ Սրբազան Հայրը պատկերացնելով ողորմածութիւնը  երթի ճամբորդութեան՝  թշուառութեան ուղեւորութիւնը դէպի սիրտ­ ,  ու հարց տալով  թէ ինչպէս կարելի  է ողորմութիւն  զգալ եւ ոչ ցաւ,  պատասխանեց ՝՝  պէտք է նախ Տիրոջմէ խնդրել ողորմածութեան շնորհքը։

՝՝Ողորմածութիւնը ստանալու  միակ ուղին  մեր մեղքերու ինքնաճանաչումն է ապա անոնց ներումը Քրիստսոսի կողմէ։ Կրնանք ողորմածներ դառնալ այն պարագային երբ իսկապէս կը զգանք որ ստացած ենք Քրիստոսի   ողորմածութիւնը՝ ապա թէ ոչ կարելի չէ որ ողորմածներ ըլլանք ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսեցաւ  դարձի  ճամբորդութեան մասին 

՝՝եթէ երթի ճամբորդութիւնը  կը կայանայ  թոյլ տալու­,­  որ իմ սիրտս վիրաւորուի ուրիշի թշուառութեան ի տես, եթէ սրտի օրինաւոր ճամբորդութիւնը կը կայանայ մեղքերու , թշուառութեան, գրեհիկութեան ինքնաճանաչողութեան մէջ, ինչպէս նաեւ զգալու  որ ներուած ու ընդունած  ենք Տիրոջ Ողորմածութիւնը,. ուրեմն  այն ժամանակ  սկիզբ կ՝առնէ դարձի Ճամբորդութիւնը,. սիրտէն դէպի ձեռք ։

Այսպէս ուղեւորութիւնը կ՝ընթանայ իմ թշուառութենէս՝ որ ողորմածութիւն ստացաւ­,  դէպի ուրիշի  թշուառութիւն։ Աստուծոյ կողմէ սիրուած իմ թշուառութենէս դէպի ուրիշի թշուառութիւն,։ Այս է Ողորմածութիւնը ըսաւ Սրբազան Հայրը  աւեցնելով որ Ողորմածութիւնը ուղեւորութիւն մըն  է սրտէն դէպի բազուկներ։

Սրբազան Հայրը պատկերասփռուած պատգամը աւարտեց հարց տալով ՝Ուրեմն իմ սիրտս բանա՞մ  կամ ձեռքերս ու պատասխանեց ըսելով. Ըլլայ ձեռքերդ ըլլայ սիրտդ։ կոյլ տուր որ թշուառութիւնը խոցէ քու սիրտդ,  ըլլայ քու սիրտդ ըլլայ ուիրիշներուն սիրտը ։Թոյ տուր որ ողորմութիւն ստանաս եւ սկսիս դարձի ճամբորդութիւնը, այսպէս կատարելով  քու ձեռքերովդ ուրիշներուն կը շնորհես ողորմութիւն, սփռելու համար ողորմածութիւն եւ սէր։

՝՝Տէրը օրհնէ եւ ապրիլ տայ ձեզի բեղուն եւ պտղաբեր հանդիպում համայն Մանոս Ապիերթաս ընկերակցութեան։՝՝

 








All the contents on this site are copyrighted ©.