2016-10-07 12:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Աշխարհը կարիքն ունի մարդոց որ կը սիրեն Յիսուսը ու Եկեղեցին''։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 7 հոկտեմբեր 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Ժողովուրդներու աւետարանումի ժողովի կառավարիչ` կարդինալ Ֆերտինանտօ Ֆիլինոն որմէ ետք յաջորդաբար ընդունեց. Տնտեսութեան քարտուղարութեան կառավարիչ` կարդինալ Ժորժ Փելը եւ Դաշնակցային Գերմանիոյ  հանրապետութեան մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Նիքոլա Էթէրովիչը։

Ժամը 12,15 անց Սրբազան Քահանայապետը Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Անարատ Մարիամին Նուիրուած առաքեալներ'' միաբանութեան վարչական հաւաքի 100 անդամները եւ այս առթիւ անոնց ուղղած խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը  ողջունելով զանոնք յիշեց թէ այս տարի կը նշուի միաբանութեան երկու հարիւրերորդ ամեակը ու ակնարկեց միաբանութեան սկզբնական կոչումին ու առաքելութեան  վերակենդանացնելու` Ֆրանսական յեղափոխութեան հետեւանքով սրտերու մէջ մառած հաւատքը, Ֆրանսայի Փրովենցա շրջանին մէջ։

Այսօր` ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, կանչուած էք վերանորոգելու ձեր կրկնապատիկ սէրը որ ունեցաւ ձեր հիմնադիրը Հայր Էուճենիօ Տէ Մազենոտը` սիրել Յիսուսը ու Եկեղեցին։ Ակնարկելով ապա Ողորմութեան Յոբելեանին Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց ներկաները ողորմութիւնը ընտրել որպէս իրենց առաքելութեան սիրտը։ Սրբազան Քահանայապետը   հաստատեց թէ այսօր համայն աշխարհին մէջ Եկեղեցին կ՛ապրի մեծ փոփոխութիւններու դարաշրջան մը ու ան կարիքը ունի մարդոց` որոնք իրենց սրտին մէջ կը կրէն Յիսուս Քրիստոսի հանդէպ սէր` որ կը բնակէր միաբանութեան հիմնադիր Հայր Eugenio de Mazenod-ի սրտին մէջ ինչպէս նաեւ անվերապահ  նուիրում եկեղեցւոյ նկատմամբ, որ կը ջանայ միշտ աւելիով դառնալ դռները բաց օճախ մը։ Անհրաժեշտ է աշխատիլ եկեղեցւոյ մը մէջ որ բոլորին կը պատկանի եւ պատրաստ է ընկալել ու առաջնորդել - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ աւելցուց ''Ձեր առաքելութեան պատմութիւնը բազմաթիւ օծեալներու պատմութիւնն է որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին ու զոհեցին առաքելութեան, աղքատներուն ու հասնելու հեռաւոր վայրեր ուր` առանց հովիւի բազմաթիւ ոչխարներ կային''։

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ թէ այսօր ամէն մէկ միջավայր առաքելութեան վայր է ու մատնանշեց Պիոս ԺԱ Քահանայապետի խօսքերուն որ միաբանութիւնը որակած էր   ''դժուար առաքելութիւններու արհեստավարժ'' միաբանութիւն, հաստատելով թէ  ''Եկեղեցին կարիքը ունի անոնց առաքելական համարձակութեան ու անոնց պատրաստակամութեան, բոլորին տանելու Բարի Լուրը` որ կ՛ազատէ ու կը մխիթարէ''։

''Թող որ Աւետարանի ուրախութիւնը ձեր դէմքերուն վրայ ցոլայ ու ձեզ դարձնէ ուրախ վկաներ'', ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով այս օրերուն գումարուած միաբանութեան ընդհանուր ժողովին ու խրախուսելով ներկաները` ժամանակակից մարդոց հարցադրանքներուն` որոնելու ու տալու համապատասխան` համարձակ ու աւետարանական պատասխաններ, երախտագիտութեամբ դիտելով անցեալը,  ներկան պարելով խանդավառութեամբ ու ապագան ողջագուրելով յոյսով, առանց վհատութեան մատնուելու` դժուարութիւններու դիմաց, կառչած մնալով իրենց կրօնական ու առաքելական կոչումին։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց անոնց մաղթելով որ Տէրը` իրենց միաբանութեան երրորդ դարու կեանքին ընթացքին, պարգեւէ շնորհքը գրելու աւետարանական պտղաբեր էջեր­, ապա հայցեց Տիրամօր հովանին որպէսզի թիկունք կանգնի անոնց ու խօսքը եզրափակեց խնդրելով ինչպէս միշտ որ չմոռնան աղօթել իրեն համար, ապա բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.