2016-10-07 14:13:00

Հայիթիի մէջ ''Մաթիու'' փոթորիկի ի լուր Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւակցական պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հայիթի քաղաքը հարուածող Մաթիու փոթորիկին ի լուր, Վատիկանի Պետական Քարտուար Կարդինալ Փարոլին, ուրբաթ 7 հոկտեմբերին պատգամ յղած է, յանուն Ֆրանչիսկոս Սբրազան Քահանայապետին, Հայիթիի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ՝ Կարդինալ Շիպլի Լանկուային, որուն մէջ յայտնած է Ֆրանչիսկոս Պապին մասնակցութիւնը  Հայիթի ժողպվուրդին վիշտերուն ու անոր աղօթքը բոլոր անոնց որոնք իրենց հարազատները կորսնցուցին։

Ծիրանաւորը յայտնած է Ֆրանչիսկոս Պապի  ցաւակցութիւնները զոհերու հարազատներուն, հայցելով Աստուծմէ որ մեռեալները ընդունի  Իր  Լոյսին մէջ։ Կարդինալ Փարոլին ապա ապահովեցուցած է Սրբազան Հօր հոգեւոր մօտիկութիւնը` վիրաւորեալներուն եւ  բոլոր անոնց որոնք  տնանկ մնացած են։

Պատգամին աւարտին ծիրանաւորը գրած է ''Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով եւ քաջալերելով ի գործ դրուած  բոլոր ջանքերը  Հայիթիի ժողովուրդը կը յանձնէ Մշտական օգնութեան Տիրամօր մայրական հովանիին, եւ  անոնց կը շնորհէ մխիթարանքի ու յոյսի առաքելական օրհնութիւնները ։








All the contents on this site are copyrighted ©.