2016-10-07 10:47:00

Թուրքիոյ մէջ ճանապարհի շինարարութեան ժամանակ հայկական շիրմաքարեր գտնուած են


Թուրքիոյ Թեքիրտաղ նահանգի Մալքարա շրջանին մէջ ճանապարհի շինարարութեան ժամանակ հայկական շիրմաքարեր գտնուած են: Մալքարայի մէջ գտնուող Հիւրրիէթ պողոտայի բարեկարգման աշխատանքներու ժամանակ 8 գերեզմանաքար յայտնաբերուած է: Գրեթէ 1.5 մեթր մեծութեամբ այս տապանաքարերուն վրայ հայերէն գրութիւններ կան:

Գտածոները բեռնատարով փոխադրուած են յատուկ պահեստ: Մալքարայի փոխքաղաքապետ Ահմեթ  Նազիֆ Պալճըն նշած է, որ հնարաւոր է` տարածքին մէջ նաեւ այլ գերեզմանաքարեր ըլլան: Պեղումներու ընթացքին գտնուած բոլոր յուշարձանները առայժմ  կը պահուին տեղի մշակոյթի պալատին մէջ: Աւելի ուշ, ըստ Պալճըի, գտնուած բոլոր տապանաքարերը պիտի յանձնուիլ յուշարձաններու բարձրագոյն խորհուրդին կամ թանգարաններու վարչութեան:

Հիւրրիէթ պողոտային մէջ աշխատող Նեջտեթ Թեքգօզը նշած է, որ այդ վայրերին մէջ նախապէս հայեր եւ յոյներ ապրած են: Ան նաեւ գոհունակութիւն յայտնած, որ ՏԻՄ մարմինները անհրաժեշտ հոգատարութիւն եւ ուշադրութիւն ցուցաբերեցին գտնուած պատմամշակութային յուշարձաններուն նկատմամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.