2016-10-07 11:02:00

ԱՄՆ-ի մէջ յայտնաբերուած 16-րդ դարու Աստուածաշունչին մէջ պատկերուած է Մեծ Հայքի քարտէսը


ԱՄՆ Օրեգոն նահանգի Փորթլանտ քաղաքի Lewis&Clark քոլեճի ուսանող Սեմ Պուսսանը իր հետաքրքրասիութեան արդիւնքով գրադարանի նկուղին մէջ յայտնաբերած է է 1599 թուականի հրատարակութեան Աստուածաշունչ մը` Եղիսաբէթ 1-ի եւ Շեքսփիրի Աստուածաշունչը, ուր յիշատակուած է Մեծ Հայքը: Աղբիւրը կը նշէ մեծ Հայաստան (The Great Armenia), կը յայտնէ Panorama.am-ը ամերիկեան հեղինակաւոր CBS հեռուստաընկերութեան կայքի յղումով:

Մասնագէտները կը նշեն, որ Աստուածաշունչի բացառիկ հրատարակութեան մէջ հիմնական գրառումները ներկայացուած են փայտի վրայ կատարուած բարդ պատկերազարդումներու միջոցով:

Աստուածաշունչին մէջ «Եդեմական այգիի իրավիճակը» բաժինին մէջ փայտէ տախտակի վրայ պատկերուած են Միջին Արեւելքի եւ Մեծ Հայքի, Բաբելոնի եւ Պարսից ծոցի քարտէսները:

Գիրքին մէջ կայ նաեւ գրառում, ըստ որուն՝ յայտնի կը դառնայ, որ անիկա տպագրուած է Լոնտոն, Անգլիոյ թագուհիին հրատարակիչ Քրիսթոֆըր Պերքըրի կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.