2016-10-06 12:51:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 6 հոկտեմբերի քարոզը ՝՝Օրէնքներու կառչելով, կ՝անտեսենք Սուրբ Հոգին՝՝


 (Ռատիօ Վատիկան)  Հինգշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2016-ին,  Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզը Ֆրանչիսկոս Պապ կեդրոնացուց  Սուրբ Պօղոս Առաքեալի գաղատացիներուն ուղղած հետեւեալ խօսքին վրայ,

 «Ո՛վ անմիտ գաղատացիներ, ո՞վ հրապուրեց ձեզ։ Մոռցա՞ք խաչի վրայ Յիսուս Քրիստոսի մահը, որ ես պատկերեցի ձեր աչքին առջեւ։ Ա՛յս բանը միայն կ՝ուզեմ իմանալ ձեզմէ՝ ըսէ՛ք. Օրէնքի գործադրութեա՞մբ ստացաք Սուրբ Հոգին, թէ՞ Աւետարանի պատգամին հաւատալով։ Այդքան անմի՞տ էք. Սուրբ Հոգիով նոր կեանք սկսելէ յետոյ, այժմ Օրէնքի պահանջքներու՞ն կը վերադառնաք։ Ձեր ունեցած ամբողջ փորձառութիւնը ի զո՞ւր անցաւ։ Չեմ կարծեր, որ ի զուր անցաւ։ Աստուած ձեզի Սուրբ Հոգին շնորհեց եւ ձեր մէջ հրաշքներ գործեց անոր համար, որ Օրէ՞նքը գործադրեցիք, թէ՞ Աւետարանի պատգամին հաւատացիք։» (Գաղ Գ. 1-5) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանելով օրուան ընթերցուածի Առաքեալին այս խօսքերը, նշեց, թէ Սուրբ Հոգին կը գործէ մեր կեանքին մէջ, սակայն «օրէնքներու» կառչելով, կ՝անտեսենք Սուրբ Հոգին։ Այդ վիճակին մէջ մնալով՝ թոյլ չենք տար որ Յիսուսի փրկագործութեան ոյժը յառաջ ընթանայ Սուրբ Հոգիի միջոցաւ։ Ճիշտ է, ունինք պատուիրանները, եւ պէտք է հետեւինք պատուիրաններուն։ Պատուիրանապահութիւնը կը կատարուի միշտ Աստուծոյ շնորհքով, որ տուաւ մեզի Իր Որդին, եւ Սուրբ Հոգիի միջոցաւ։ Պէտք չէ օրէնքի մէջ սահմանափակենք Սուրբ Հոգին եւ Որդին։ Այս էր այդ ժողովուրդին խնդիրը. Կ՝անտեսէին Սուրբ Հոգին եւ չէին գիտեր յառաջ ընթանալ։ Փակուած էին բազմաթիւ կարգաւորումներու մէջ։ Յիսուս այդ անձերը «կեղծաւոր» կ՝անուանէ։  Մեզի ալ կրնայ պատահիլ, որ այդ փորձութեան մէջ իյնանք։ Գաղափարախօսութիւնները մեզ կը հրապուրեն։ Ասոր համար Պօղոս Առաքեալ կը գրէ՝ «Ով անմիտ Գաղատացիներ, ո՞վ հրապուրեց ձեզ». Գաղափարախօսութիւններու քարոզածը ճիշտ եւ յստակ կը նկատենք. սակայն իսկական ճշմարիտը եւ յստակը Աստուծոյ յայտնութիւնն է։ Անոնք որոնք կը կարծեն որ իրենց ձեռքին մէջ ունին բոլոր ճշմարտութիւնը, ոչ թէ տգէտ են, այլ, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կ՝ըսէ՝ «անմիտ», որոնք ենթարկուած են մոլորութեան։ Այսօր մենք մեզի հարց կրնանք տալ – թէ ես կ՝անտեսե՞մ Սուրբ Հոգին. թէ արդեօք իմ կեանքս գա՞ղջ է, արդեօք կը տրտմեցնե՞մ Սուրբ Հոգին, եւ կամ թոյլ կու տամ որ Ան զիս առաջնորդէ Քրիստոսի վարդապետութեան, որ ճշմարիտ վարդապետութիւնն է։ Պէտք է թոյլ տանք, որ Սուրբ Հոգին մեզ յառաջ տանի, ինչպէս Առաքեալները՝ Պենտեկոստէի օրը. անոնցմէ փարատեցաւ վախը, եւ բացուեցան Սուրբ Հոգիին։ Քարոզի աւարտին Սրբազան Պապը մաղթեց, որ Աստուած տայ մեզի այդ շնորհքը՝ բացուելու Սուրբ Հոգիին եւ չըլլալու անմիտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.