2016-10-06 11:18:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Անկլիքան Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 6 հոկտեմբեր 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Անկլիքան Եկեղեցւոյ առաջնորդ ու Քանթըրպուրիի Արքեպիսկոպոս` Նորին Օծութիւն Ժասթին Ուելպի որմէ ետք Քահանայատներու դահլիճն մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Անկլիքան Եկեղեցւոյ 35 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութեան մը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա յաջորդաբար ընդունեց Քոլոմպիայի մօտ առաքելական  նուիրակ` գերապայծառ Էթթորէ Պալեսթրերոն եւ Միացեալ Նահանգներու եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` Գերապայծառ Ժոզէֆ Էտուարտ Քուրթսը ու անոր ընկերացող եպիսկոպոսական դասի քարտուղարն ու տեղակալը։

Ժամը 11,45-ին Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց "Vineyard" համամիութենական շարժումի 15 անդամները։

Անկլիքան եկեղեցւոյ պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն ուղղեց ճառ մը որուն մէջ ըսաւ։

Նորին սուրբ օծութիւն, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս, շնորհակալ եմ ձեր այս այցելութեան համար։

Միասնաբար յիշատակեցինք Երանելի Պօղոս Զ ու Ռամզէյ Արքեպիսկոպոսի պատմական հանդիպման 50 ամեակը որ իր հետ բերաւ  առատ պտուղներ. Բաւ է մտածել Հռոմի մէջ Անկլիքան Կեդրոնի ստեղծումը ու Սուրբ Աթոռի մօտ ներկայացուցիչի մը անուանումը, ինչպէս նաեւ մեր Աստուածաբանական երկխօսութիւնը...բաժնեկցելով այս պտուղները կրնանք գուշակել  թէ անոնք կու գան ծառէ մը` որ իր արմատները ունի 50 տարիներ առաջ տեղի ունեցած հանդիպումի մէջ։

Մտաբերելով մեր միասնական ուղեւորութեան շարունակութիւնը միտքս կու գան երեք բառեր. աղօթք, վկայութիւն եւ առաքելութիւն, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Աղօթք։ Երէկ միասին աղօթեցինք ժամերգութիւնը, այսօր դուք աղօթեցիք Սուրբ Պետրոսի դամբանին վրայ­, չի յոգնինք միասին ու յարատեւօրէն Տիրոջմէ հայցել միութեան պարգեւը։

Վկայութիւն։ այս հանդիպումի ու փոխանակումի  50 տարիները, ինչպէս նաեւ խոկումներն ու փաստաթուղթերը մեզի կը պատմեն քրիստոնեաներու մասին որոնք հաւատքով ու հաւատքի համար իրար ունկնդրեցին ու միասնաբար կիսեցին ժամանակ ու ջանք։

Մեր մէջ զարգացնենք այն համոզումը որ համամիութիւնը աղքատացում չէ այլ հարստութիւն։ Գնահատենք առ այդ այս ժառանգութիւնը ու մենք մեզ ամէն օր կանչուած զգանք աշխարհին նուիրելու` մեր միջեւ սիրոյ ու միութեան վկայութիւնը, այնպէս ինչպէս մեզմէ խնդրած էր Յիսուս (Յովհ 15,12. 17,21)։

Առաքելութիւն։ ամէն ինչի համար կայ մի ժամանակ եւ այս` ժամանակն է որուն մէջ Տէրը մեզ կը հարցաքննէ յատուկ օրէն, ու կը հրահրէ մենք մեզմէ ու մեր միջավայրերէն դուրս գալու` Իրեն ողորմած սէրը տանելու համար խաղաղութեան ծարաւն ունեցող աշխարհին։

Օգնենք զիրար որպէսզի Աւետարանի պահանջները դնենք որպէս կեդրոն ու յանձնառու ըլլանք այս առաքելութեան ի խնդիր ու հայցենք շնորհքը աճելու աղօթքի մէջ ու վկայութիւն տալու ինչպէս նաեւ առաքելութեան երթալու, ձեզմէ կը խնդրեմ որ միասին աղօթենք Հայր Մերը ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւարտելով իր խօսքը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.