2016-10-06 10:13:00

Քլինթըն նախընտրական պայքարին մէջ կը գերազանցէ Թրամփը


Միացեալ Նահանգներուն մէջ տարբեր լրատուամիջոցներու կողմէ հասարակական կարծիքի հարցախոյզներու արդիւնքները ցոյց կու տան, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հիլըրի Քլինթըն նախընտրական պայքարին մէջ կը գերազանցէ իր մրցակիցը` Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տոնալտ Թրամփը:

Ըստ «Փոլիթիքօ անտ Մոռնինկ Քոնսալթ»-ի կատարած հարցախոյզին, այսօր Քլինթընին ի նպաստ քուէարկելու պատրաստ է ընտրողներուն 42 առ հարիւրը, իսկ Թրամփին` 36 առ հարիւրը:

«Սի.Էն.Էն./Օ.Առ.Ճի.»-ի հարցախոյզին արդիւնքներուն համաձայն, Քլինթըն Թրամփը կը գերազանցէ 47 առ հարիւր-42 առ հարիւր հաշիւով: Մօտաւորապէս նոյնպիսի արդիւնքներ ի յայտ բերած է նաեւ 30 սեպտեմբերին հրապարակուած «Ֆոքս» պատկերասփիւռի կայանի հարցախոյզին արդիւնքը, ըստ որուն, հարցախոյզին մասնակիցներուն 49 առ հարիւրը արտայայտուած է ի նպաստ Քլինթընի, իսկ 44 առ հարիւրը` Թրամփի:

Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս կը նշեն դէտերը, հարցախոյզներու արդիւնքները չեն տար ուժերու դասաւորութեան իսկական պատկերը: Օրինակ` «Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթի հարցախոյզը ցոյց տուած է, որ Թրամփին կ՛աջակցի քուէարկողներուն 47 առ հարիւրը, իսկ Քլինթընին` 42,4 առ հարիւրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.