2016-10-06 11:07:00

ԵԱՀԿ-ի մէջ խստօրէն քննադատած են Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու խախտումները։


«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ազրպէյճանական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի լիագումար նիստին ընթացքին խիստ քննադատութեան ենթարկուած է Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու ոտնահարումը: Նշեալ խախտումներուն անդրադարձած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Մայքըլ Քոզաք:

Ան նախ եւ առաջ ընդգծած է, որ իրաւաբանական արձանագրութեան ժամանակ ոչ աւանդական կրօնական խումբերը Ազրպէյճանի մէջ կը բախին խնդիրներու: Նման խումբերու անդամները չեն կրնար ազատօրէն դաւանիլ իրենց կրօնը` մնայուն կերպով վախնալով ոստիկանական յարձակումներէն, տուգանքներէն, ձերբակալութիւններէն կամ հետապնդումներէն:

Անդրադառնալով երկրին մէջ կատարուած սահմանադրական փոփոխութիւններուն` Քոզաք մտավախութիւն յայտնած է, որ անոնք աւելի պիտի սահմանափակեն ազրպէյճանցիներու արդէն իսկ սահմանափակ իրաւունքները ազատ ու խաղաղ հաւաքներ կատարելու հարցին մէջ:

«Մենք կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք անմիջապէս ազատ արձակելու խաղաղ հաւաքի հիմնարար իրաւունքը գործադրելու ժամանակ ձերբակալուածները եւ անհանգստութեամբ կ՛ընդգծենք վենետիկեան յանձնախումբին այն եզրակացութիւնը, որ սահմանադրութեան փոփոխութեան առաջարկները իշխանութիւնը կը կեդրոնացնեն նախագահին ձեռքը եւ գործադիր իշխանութիւնը կը դարձնեն նուազ հնազանդող», նշած է Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը:

Ան անդրադարձած է Ազրպէյճանի մէջ մամուլի ազատութեան խնդիրին` Միացեալ Նահանգներուն անունով յորդորելով ազատ արձակել բոլոր լրագրողները եւ այլ անձեր, որոնք բանտարկուած են միտքի արտայայտութեան ազատութիւնը գործադրելու պատճառով:

Քոզաք խօսած է նաեւ երկրին մէջ անկախ հասարակական կազմակերպութիւններու եւ ընդդիմադիր քաղաքական կուսակցութիւններու գործունէութիւնը խոչընդոտելու նախադէպերու եւ զանոնք ջնջելու անհրաժեշտութեան մասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.