2016-10-05 18:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Անկլիքան եկեղեցւոյ հետ ժամասացութեան արարողութեան ընթացքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 5 հոկտեմբեր 2016-ի երեկոյեան 6-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հռոմի Սուրբ Անդրէաս ու Գրիգոր եկեղեցւոյ մէջ, Քանթըրպուրրիի Արքեպիսկոպոս` Ժասթին Ուելպիի հետ մասին գլխաւորեց ժամասացութեան արարողութիւնը ի յիշատակ երջանկայիշատակ Երանելի Պօղոս Զ քահանայապետի Հռոմի Անկլիքան կեդրոնի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման 50 ամեակին։

1534 թուականի Լուտերական Վերանորոգումի շրջանէն ասդին այս առաջին անգման է որ  Քահանայապետ մը ու Անկլիքան եկեղեցւոյ առաջնորդ մը միասին աղօթեցին ժամասացութեան արարողութիւնը, որուն աւարտին ապա ստորագրեցին միասնական յայտարարութիւն մը։

Վերոնշեալ ծիսակատարութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց խորհրդածութիւն մը որուն մէջ ակնարկելով Եզեկիէլ մարգարէին որ Աստուած կը ներկայացնէ որպէս Հովիւ մը որ կը հաւաքէ իր ձրուած ոչխարները ( 34, 12) յարեց թէ ''այս երեկոյ Տէրը մարգարէի միջոցաւ մեզի կ՛ուղղէ կրկնակի պատգամ մը` առաջինը միութեան պատգամ մը, որովհետեւ Աստուած որպէս Հովիւ իր ժողովուրդին համար միութիւն կը կամենայ ու յատկապէս կ՛ուզէ որ իր Հովիւները գործեն այդ ուղղութեամբ։ Երկրորդ` Եզեկիէլ Մարգարէն կը մատնանշէ բաժանումի պատճառներուն` ''մշուշն ու մառախուղը'' որոնց ընթացքին մեր աչքին առջեւէն հեռացուցինք մեր եղբայրը որ մեր մօտ կը գտնուէր ու դարձանք անկարող ճանչնալու եւ ուրախանալու մեզի պարգեւուած շնորհներով ու պարգեւներով։ Այս պատահեցաւ որովհետեւ անհասկացողութեան ու կասկածի մառախուղը ինչպէս նաեւ խռովութեան ու վէճերու մշուշը, յաճախ կազմուած պատմական ու մշակութային եւ ոչ թէ աստուածաբանական պատճառներով, մեզ շրջապատեցին ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ կայ սակայն միակ անտարակոյս փաստ մը. Աստուած կը սիրէ մեր մէջ բնակիլ։ Ան անխոնջ Հովիւ մըն է որ կը շարունակէ ներգործել մեզ խրախուսելով քալել դէպի աւելի մեծ միութիւն, որուն կարելի է ձգտիլ Անոր շնորհքի օգնութեամբ։ Այս հաղորդութեան ուղեւորութիւնը ճանապարհն է իւրաքանչիւր քրիստոնեայի ու յատկապէս առաքելութիւնն է Անկլիքան - Կաթողիկէ միութեան ու առաքելութեան միջազգային յանձնախումբին, ըսաւ Սրբազան Պապը ընդգծելով հարկաւորութիւնը զարգացնելու քրիստոնեայ ընտանիքին ու մարդկային ընտանիքին միութիւնը։ 

''Երբ մենք որպէս Յիսուսի աշակերտներ մեր ծառայութիւնը կը նուիրենք միասնաբար, մէկը միւսին կողքին, ու երբ կը զարգացնենք հանդիպումը` յաղթահարելով փակումի եւ մեկուսացումի փորձութիւնը, կը գործենք ի սպաս մարդկային ու քրիստոնեայ ընտանիքի միութեան'' - յարեց Սրբազան Քահանայապետը եւ աւելցուց - ''Մենք կը ճանչնանք մենք զմեզ որպէս եղբայրներ, որ կը պատկանինք տարբեր աւանդութիւններու, սակայն մղուած ենք միեւնոյն Աւետարանէն աշխարհի մէջ դիմագրաւելու համար միեւնոյն առաքելութիւնը ։ Արդարեւ դժուարութիւններն ու ուրախութիւնները բաժնեկցելով է որ կը մօտենանք մէկը միւսին ու այս կը նշանակէ հետեւիլ Յիսուսի Հովուական մեթոտաբանութեան` այն է երթալ ու փնտռել կորսուած ոչխարը, փարախ առաջնորդել ձրուածը, խնամել վիրաւորին վէրքերը ու բուժել հիւանդը։ Միայն այսպէս կարելի է հաւաքել ձրուած ժողովուրդը – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եւ ակնարկեց երկու եկեղեցիներու ուղեւորութեան ու յատկապէս Մեծն Սուրբ Գրիգորի Քահանայապետական գաւազանին որ է` ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, մեր միութեան յատկանիշը­, ու բացատրեց անոր վրայ փորագրուած Յարուցեալ Գառնուկի նշանակութիւնը, որ է նոյնինքն Աստուծոյ սէրը։ Այն սէրը որ յաղթեց մահուան ու մեղքին ու յայտնուեցաւ Բարի Հովիւի ողորմած ողջագուրումին մէջ։ Մեր առաքելութիւնն ալ, ըսաւ Սրբազան Պապը­, կը կայանայ մթութիւնը լուսաւորելու մէջ, այն նոյն սիրոյ ուժով որ կը յաղթէ մեղքին ու կը գերազանցէ մահը։

Հովիւներու պարտականութիւնն է օգնել իրենց յանձնուած հօտը` դուրս գալու եւ շարժումի մէջ մնալու, հռչակելու համար Աւետարանի ուրախութիւնը եւ ոչ թէ փակուած մնալ սահմանափակ եկեղեցական շրջանակներու մէջ, որոնք մեզ կը վերադարձնեն այն ամպոտ ու մառախուղի օրերուն։

''Միասնաբար հայցենք Աստուծմէ շնորհքը օրինակ առնելու վեհանձն միսիոնարներէն որոնց միջոցաւ Հոգին Սուրբ վերակենդանացուց Եկեղեցին, եւ որ կ՛ոգեւորուի երբ դուրս գայ ինքն իրմէ ապրելու ու հռչակելու համար Աւետարանը` աշխարհի ճանապարհներուն վրայ'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու ակնարկեց Էտինպուրկի համամիութեան շարժումին` որ եղաւ առաքելութեան կայծը որով սկիզբ առաւ միասնական ընթացքը, ապա հրաւիրեց միասին աղօթել այդ դիտաւորութեամբ հայցելով Տիրոջմէ որ մեզի պարգեւէ շնորհքը որ այս վայրէն բխի վերանորոգուած սլացք մը հաղորդութեան ու առաքելութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.